Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Բացում Եւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ

June 6, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն, 2 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին,  Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի բացօթեայ խորանին դիմաց կատարուեցաւ աղօթքի շաբթուան բացում եւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած աւանդութեան համաձայն, հաւաքուած ենք, որպէսզի աղօթքով հաղորդակցութեան մէջ մտնենք այն դէմքերուն հետ, որոնք քրիստոնէական առաքինութիւններ պաշտպանելու համար յանձն առին նաեւ նահատակութեան պսակը, աւելցնելով, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը ծագումով հայ չէին, այլ` Հռոմէն եկած կրօնաւորուհիներ, որոնք խոյս տալով Հռոմի կայսրի շղթայազերծած հալածանքներէն` երկար թափառումներէ ետք հասան Հայաստան, որպէսզի Հայաստանի ազատ պայմաններու մէջ կարողանան իրենց քրիստոնէական հաւատքը ապրիլ` համաձայն իրենց հաւատալիքներուն ու համոզումներուն: Սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 301 թուականին, թէ ինչպէ՛ս Հայոց Տրդատ թագաւորը Հռոմի կայսրի թելադրութեամբ փնտռտուքներ կատարեց Հայաստանի տարածքին, որպէսզի յայտնաբերէ այս կրօնաւորուհիները, որոնք անսպասելի կերպով յայտնուած էին Հայաստանի մէջ, եւ երբ կը յայտնաբերուի անոնց թաքստոցը, Տրդատ թագաւոր կը հիանայ Հռիփսիմէ կոյսին գեղեցկութեամբ եւ անոր կ՛առաջարկէ ամուսնական կեանք, բայց որովհետեւ Հռիփսիմէ եւ իր ընկերուհիները` թիւով 35, ուխտած էին կուսակրօն կեանք ապրիլ, կը մերժէ թագաւորին առաջարկը, հետեւաբար թագաւորին հրահանգով, Հռիփսիմէ եւ իր ընկերուհիները կ՛ենթարկուին ծանր տանջանքներու եւ սրամահ կ՛ըլլան: Այս արարքին իբրեւ հետեւանք` Տրդատ թագաւոր գազանի կերպարանք կը ստանայ եւ այդպէս կը մնայ, մինչեւ որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, թագաւորին քրոջ տեսիլքով յայտնուելէն ետք, դուրս բերուեցաւ Խոր Վիրապէն, որպէսզի աղօթքով բժշկէ Հայոց թագաւորը եւ անոր աջակցութեամբ նաեւ քրիստոնէութեան լոյս հաւատքին տանի ամբողջ հայ ժողովուրդը:

«Հայութեան քրիստոնէութեան դարձին գինը Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութիւնն էր: Առաջին նահատակները, որոնք ինկան քրիստոնէութեան հաւատքին համար Հայաստան աշխարհէն ներս Հռիփսիմեանց կրօնաւորուհիներն էին», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը անցնող բոլոր դարերուն երկիւղածութեամբ ոչ միայն պահած եւ յարգած է այս կրօնաւորուհիներուն յիշատակը, այլեւ անոնց բարեխօսութեան դիմած է` հաւատալով, որ անոնք կը գտնուին աստուածամերձ պայմաններուն մէջ: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ մեր եկեղեցին պատմութիւն չէ, որ կը փորձէ աւանդել մեզի Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակութեան ընդմէջէն, այլ` մեզի փոխանցել հիմնական այն ճշմարտութիւնը, թէ աշխարհէն ներս քրիստոնեայ ըլլալը այնքան ալ դիւրին վիճակ չէ, այլ կ՛ենթադրէ` կեցուածք, անշեղ հաւատք, նուիրում, որոնց գեղեցկագոյն արտայայտութիւնները մեզի կը պատգամեն Հռիփսիմեանք իրենց նահատակութեան պատմութեան ընդմէջէն:

«Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ մեր կեանքի պայմաններու մէջ քրիստոնէական առաքինութիւններով ապրիլը այնքան ալ դիւրին չէ, եւ անոնք, որոնք կը փորձեն հաւատքի կեանքը ապրիլ, անպայմանօրէն կ՛անդրադառնան, թէ քրիստոնեան ամէն վայրկեան ոչ միայն  պարտաւոր է ինքն իր անձին յիշեցնելու, այլ իր շրջապատին թելադրելու, որ զգուշ ըլլան իրենց հաւատալիքներուն եւ իրենց կենցաղին նկատմամբ, որովհետեւ չարը իր խորհրդաւոր միջոցներով անպայմանօրէն կը փորձէ թափանցել մեր հոգիներէն ներս եւ բոյն դնել մեր ներաշխարհին մէջ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` յորդորելով ներկաները, որ յիշեն, թէ մեզմէ առաջ մեր հայրենիքի սահմաններէն ներս եղած են անձեր, որոնք արհամարհած են աշխարհի փառքն ու հարստութիւնը, գերադասած են իրենց քրիստոնէական կրօնը, առաքինութեամբ վարած են իրենց կեանքը եւ նոյնիսկ նահատակութիւնը յանձն առած են, որպէսզի իրենց հաւատալիքներով ներկայանան իրենց տիրոջ:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը հարց տուաւ, թէ այսօրուան մեր պայմաններուն մէջ մենք ի՞նչ կ՛ընենք, որպէսզի սրբութիւնն ու արժէքաւորը պահենք մեր կեանքէն ներս, ի՞նչ տեսակի օրինակ կու տանք` մեր ընտանիքի անդամներուն, մեր զաւակներուն, մեր շրջապատին, մեր ընկերութեան, որպէսզի անոնք մեր օրինակին նայելով` հետեւին Քրիստոսի թելադրած հաւատքի կեանքին, հաստատելով, որ ուղեւորութիւն է մեր կեանքը, եւ անոնք, որոնք հաւատարմութեամբ կը հետեւին հաւատքին ցոյց տուած ուղիին, անպայմանօրէն կ՛արժանանան Տիրոջ շնորհքին:

Յայտնենք, որ 3, 4, 5 եւ 6 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն, իսկ երկուշաբթի, 9 յունիսին պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք Հռիփսիմեանց մասունքով:

 

Նախորդը

Մայրերու Տօնին Առիթով Նախաճաշ` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Կազմակերպութեամբ

Յաջորդը

Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.