Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Իրան Կը Յարգէ Լիբանանի Ներքին Հարցերը, Որոնց Միջամուխ Չ՛ըլլար»

June 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ: Ան Լիբանան հասնելէն ետք շեշտեց. «Կը յարգենք Լիբանանի ներքին հարցերը եւ անոնց միջամուխ չենք ըլլար: Մենք կը զօրակցինք Լիբանանի գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան, եւ կը յուսանք անոր հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալ` հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի վրայ»:

«Գահիրէէն ետք Պէյրութ այցելութիւնս շրջանային շրջապտոյտիս ծիրին մէջ է, եւ հանդիպում պիտի ունենամ երկրին պաշտօնատարներուն հետ: Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները պատմական ու խոր են եւ հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ: Մտադիր ենք զարգացնել այդ յարաբերութիւնները», ըսաւ Արաղչի:

Ան իր լիբանանցի պաշտօնակիցին հետ քննարկեց շրջանային ու միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այցելութիւնը առիթ էր քննարկելու երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ լաւ գործակցութեան ու երկու երկիրներու գերիշխանութիւններու փոխադարձ յարգման վրայ հիմնուած ճիշդ ուղղութեամբ զարգացնելու իտէալական ուղին»:

Ռաժժի յայտնած է. «Լիբանան կը գնահատէ իր անվտանգութեան, կայունութեան եւ քաղաքացիական խաղաղութեան նկատմամբ Իրանի նախանձախնդրութիւնը, զայն կարող դարձնելով շրջանցելու իր դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրները` սկսելով իսրայէլեան բռնագրաւումին տակ մնալ շարունակող հողերու ազատագրութեան, Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները դադրեցնելու, լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը իր ամբոջական հողերուն վրայ տարածելու եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու ձգտող դիւանագիտական ջանքերու շարունակումէն, հասնելով բացառապէս լիբանանեան կառավարութեան ու պետական հաստատութիւններուն ճամբով Լիբանանի բարեկամ պետութիւններէն անհրաժեշտ աջակցութեան ապահովումը, որպէսզի երկիրը կարենայ վերաշինութեան եւ տնտեսական վերականգնման մէջ իր դերը կատարել»:

Արաղչի իր կարգին յայտնեց, որ իր այցելութիւնը «Լիբանանի հետ նոր էջ բանալու ծիրին մէջ է` մեկնելով Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուող նոր զարգացումներէն»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ, որ նշեց. «Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Իրանի հետ պետութենէ պետութիւն յարաբերութիւններու ամրապնդման»:

«Տարակարծութեան խնդիր եղող հարցերու լուծման ուղին ներքին երկխօսութիւնն է, ինչպէս նաեւ պետութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը` հեռու մնալով բռնութենէն», աւելցուց նախագահը:

Աուն ըսաւ. «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան պատերազմի քանդածին վերաշինութիւնը այն առաջնահերթութիւններէն է, որուն վրայ կ՛աշխատի կառավարութիւնը` գործակցելով եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններուն հետ, ըստ ընթացիկ կանոններուն»:

Արաղչի իր կարգին յայտնեց. «Իրան կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ իսրայէլեան բռնագրաւման վերջ տալու համար թափած ջանքերուն»:

«Լիբանանի նկատմամբ Իրանի աջակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւններու եւ ներքին քաղաքականութեան չմիջամտելու սկզբունքին ծիրին մէջ է: Իրան կը զօրակցի Լիբանանի մէջ համայնքներու, խմբաւորումներու եւ տարբեր ուղղուածութիւններու միջեւ ազգային երկխօսութեան», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Արաղչի ապա այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրանեան ընկերութիւնները պատրաստ են Լիբանանի մէջ վերաշինութեան ջանքերուն նպաստելու, «եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը ատիկա խնդրէ»:

«Իրան կը յարգէ Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու համար թափած ջանքերը», շեշտեց ան:

«Կ՛ընդգծենք մեր վճռակամութիւնը` ամրապնդելու Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները», աւելցուց Արաղչի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ եւ անոր յանձնեց Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի Իրան այցելելու հրաւէրը:

Ան նշեց, որ իր երկիրը դրական տրամադրուած է Լիբանանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ բանալու նոր էջ մը, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ որեւէ երկրի ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքին վրայ:

Սալամ իր կարգին յայտնեց, թէ Լիբանան նախանձախնդիր է Իրանի փոխադարձ յարգանքի եւ երկու երկիրներու գերիշխանութեան պահպանման վրայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն նկատմամբ, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ իւրաքանչիւր պետութեան անկախութիւնը` ամրապնդելու համար շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

Արաղչի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զարգացնել երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ վերացնելու ներդրումներու ու առեւտրական շրջանառութեան առջեւ ծառացած խոչընդոտները:

Դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի Պէյրութի մէջ ունեցած հանդիպումները երկակի բնոյթ ունին: Անոնք մէկ կողմէ քննելու համար են, թէ պաշտօնական Լիբանանը որքանո՛վ պատրաստ է շրջանային հաւանական որեւէ պայթում վերահսկողութեան տակ առնելու, իսկ միւս կողմէ` հաստատելու իբրեւ շրջանային հիմնական դերակատարար Իրանի դիւանագիտական ներկայութիւնը»:

Նախորդը

«Լիբանան Մանրամասն Կերպով Կը Գործադրէ Զինադադարի Համաձայնութիւնը» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (4 Յունիս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.