Երէկ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը Մանարայի մէջ ունեցաւ ախոյեանութեան նախավերջին մրցումը` ախոյեան Ռիատիի դէմ:
ՀՄԸՄ, որ օր մը առաջ իր կազմին մէջ առած էր Տուէյն Ճեքսընը, իր ասպարէզին մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով, դաշտ ներկայացաւ 2 օտար մարզիկներով` նկատի ունենալով, որ Ճեքսընի թուղթերը տակաւին չէին հասած Քուէյթի Քազմա խումբէն:
Թայլըր Պէյի եւ Ճորտըն Սթիվընզի կողքին Կապրիէլ Աճէմեան, Փիթըր Տեքիրմենճեան եւ Պասել Հարֆուշ դաշտ ներկայացած էին: Արդէն իսկ առանց վիրաւոր Կերի Չիւիչեանի առիթ ունեցան իրենց մասնակցութիւնը բերելու Մոհամետ Հոթէյթ, Մարք Քայալ եւ Ժոզեֆ «Ճօ» Խուրի:
Գէորգ Գէորգ իր կարգին մօտ 20 վայրկեան խաղցաւ եւ 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:
Ճորտըն Սթիվընզ 25 կէտ նշանակեց` իր կարգին 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան իր կարգին 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ ձեռք ձգեց` ընդամէնը 19 կէտ նշանակելով:
Թայլըր Պէյ 12 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճէյսըն Սուֆան (6 կէտ), Պասէլ Հարֆուշ (2 կէտ), Մարք Քայալ (3 կէտ), Ճօ Խուրի (2 կէտ) եւ Փիթըր (4 կէտ) իրենք ալ կէտեր նշանակեցին:
Տեղին է նշել, թէ Հոթէյթ 4 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 27 վայրկեաններուն:
Բնական է, որ Ռիատի աւելի հանգիստ մրցում ունեցաւ` առիթ տալով իր բոլոր մարզիկներուն:
Այժմ ՀՄԸՄ-ին կը մնայ յաղթել վերջին մրցումին` Թատամոն Հարաժելի դէմ, գրաւելու համար 5-րդ դիրքը:
Յոյսով, որ այսօրուան մրցումէն, ինչպէս նաեւ բոլոր մրցումներէն կրնանք սորվիլ աւելի նուազ թըրնօվըրներ կատարել: Նկատելի կէտ մըն ալ կայ, թէ որքա՛ն Կապրիէլ Աճէմեան կ՛աշխատի ինքն իր վրայ` յաջողութեամբ նշանակելով ազատ հարուածները, ինչ որ իր տկար կէտն էր երթի մրցումներուն: Ան երէկ իր 4 փորձերն ալ յաջողութեամբ նշանակեց:
Ճեքսընի միանալով ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի կրնան ռիպաունտ ձեռք ձգել, ուր Թայլըր կրնայ աւելի յարձակողական մրցում ունենալ մրցակիցի կողովին տակ:


