Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ պիտի ըլլայ հիւրը Ռիատիի:
Արդարեւ, Մանարայի մէջ, այսօր ժամը 16:45-ին ՀՄԸՄ պիտի մրցի ախոյեան Ռիատիի դէմ:
Երթին, ՀՄԸՄ 69-96 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ռիատիէն Մըզհերի մէջ, ուր առաջին մասին ՀՄԸՄ 29-27 արդիւնքով յառաջանալէ ետք մնացեալ 3 մասերուն 40 կէտ կրցած էր նշանակել միայն:
Յոյսով, որ տղաքը աւելի լաւ ելոյթ կ՛ունենան դրական մթնոլորտ ստեղծելու համար, մանաւանդ որ վերջերս վիրաւորներով հարուստ ՀՄԸՄ լաւ ելոյթներ չ՛ունենար:
Երէկ, 21-րդ հանգրուանին գծով, Անդրանիկ 85-77 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 41-36 արդիւնքով յառաջանալէ ետք մինչեւ կիսախաղ` Սանթրալին դէմ: Սանթրալ 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց, մինչ Անդրանիկ կրեց իր 13-րդ պարտութիւնը:


