Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Թատրոնի 100-Ամեայ Պատմութիւնը Ներկայացնող Գիրքի Շնորհահանդէս

May 27, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ լիբանանահայ թատերախումբերուն, երեքշաբթի, 20 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասարհին մէջ տեղի ունեցաւ Յարութ Գնդունիի «Լիբանանահայ թատրոնը (1920-2020)» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ լիբանանահայ թատերախումբերու ներկայացուցիչներուն, բեմադրիչներու, դերասաններու եւ թատերասէրներու:

Լիբանանահայ թատերախումբերուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ Լիբանանի մէջ թատրոնը 1920-2020 տարիներուն բազմաթիւ վերիվայրումներէ, ցնցումներէ եւ իրագործումներէ անցած է, եւ թատրոնի առաջին սերունդը թիթեղաշէն սրահներու ու նուազագոյն պայմաններով ճիգ չէ խնայած ընթացք տալու թատերական կեանքին` հակառակ լեզուի, տնտեսական ու կազմակերպական բազմաթիւ դժուարութիւններուն:

Տեմիրճեան շեշտեց, որ Յարութ Գնդունիի « Լիբանանահայ թատրոնը (1920-2020)» գիրքը մէկ դարու պատմութեան ամփոփումն է, որ արժանի է գնահատանքի, եւ որ` առիթ է հաւաքաբար մտածելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ղեկավարել լիբանանահայ թատերական կեանքը յառաջիկայ տասնամեակներուն, որպէսզի շարունակականութիւնը ապահովուի: Մարտիկ Տեմիրճեան յայտնեց, որ գիրքի թելադրականութիւնն է նոր շունչ տալ թատերական կեանքին` երիտասարդականացնելու մեր խումբերը, ներգրաւելու երիտասարդ հանդիսատեսներ, ինչպէս նաեւ` արձանագրելու որակական նուաճումներ եւ յաւելեալ մասնագիտացում:

Օրուան բանախօսն էր բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի, որ նշեց, թէ Վարուժան Թէնպէլեանի խմբագրած Գնդունիին գիրքը լիբանանահայ թատրոնի մասին ուղեցոյց է թատերասէր սերունդներուն համար: Ան ըսաւ, որ անցնող տասնամեակներուն շատեր փորձեր կատարած են ի մի բերելու թատրոնին պատմութիւնը, բայց գործերը կա՛մ չեն սկսած եւ կա՛մ ալ չեն ամբողջացած, սակայն Գնդունիին հետեւողականութեան ու տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ` գործը հրապարակուեցաւ: Ատրունի յայտնեց, որ գիրքի 400 էջերուն մէջ շուրջ 550 թատերախաղ ներկայացուած է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ լիբանանահայ թատերական կեանքը անցեալին ունեցած է բեղուն եւ հարուստ գործունէութիւն: Ատրունի յոյս յայտնեց, որ այս գիրքը կ՛արժանանայ թատերասէր հանրութեան գնահատանքին, եւ առիթ կ՛ըլլայ թատերախումբերուն նոր թափով վերսկսելու աշխատանքներուն:

Լիբանանահայ թատերական կեանքի խումբերը, բեմադրիչները եւ դերասանները ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, հերթաբար շնորհաւորական ուղերձներ կարդացին «Երուանդ Օտեան» թատերախումբին անունով Վաչէ Տօնէրեան, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբ` Սեւակ Նորշահեան, «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբ` Վիգէն Քէօշկէրեան, «Թեաթրոն» թատերախումբ` Սուրէն Խտըշեան եւ «Կոմիտաս» թատերախումբ` Յովհաննէս Հելվաճեան

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց գիրքի հեղինակ Յարութ Գնդունի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձած են «Լիբանանահայ թատրոնը (1920-2020)» գիրքին նախապատրաստական աշխատանքներուն: Գնդունի մեծապէս գնահատեց Համազգայինի ,«Գ. Իփէկեան» թատերախումբի գլխաւորութեամբ լիբանանահայ թատերախումբերը համախմբելու եւ գործակցութեան հորիզոններ ստեղծելու ճիգերը, ինչ որ կը նպաստէ ե՛ւ լիբանանահայ թատրոնին ե՛ւ խումբերուն:

Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

Forget Me Not: Siroun Ararat Հրատարակութեան Առիթով

Յաջորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը Չորրորդ Տարին Ըլլալով Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը
Գաղութային

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

October 1, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

October 1, 2026
Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*
Գաղութային

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.