Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անի Չպլաքեանի Յիշատակին. Կենսունակ Եւ Դրական Անին

May 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժուար է ներկայացնել Անին` եթէ մէկը ծանօթ չըլլայ անոր նկարագիրին:

Առաջին անգամ անոր ծանօթացած եմ 18 փետրուար 1979-ին, «Հոլանտ ռոտ» Նաւասարդեանի տուն/կեդրոնին մէջ, ուր կը տօնէինք Փետրուարեան ապստամբութիւնը:

Այդ օրը բոլոր մասնակիցներ կ՛երգէին յեղափոխական երգեր, եւ Անին` մարտական տրամադրուած, ձեռքերը վեր բռնցքուած կ՛երգէր: Ունեցայ այն տպաւորութիւնը, որ ինքն ալ դաշնակցական է, եւ ի զարմանս ինծի, ձեռնարկէն ետք իմացայ, որ Լիբանանի Այնճարէն անցած, Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամակցած, Հայկազեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարաններուն ուսանող եղած անցեալով, ողն ու ծուծով ազգային արժէքներով ու հայկական շունչով ապրած ընտանիքի զաւակ Անի Չպլաքեանն էր:

Նկարագիրով յախուռն, «Ոչ»-ը որպէս պատասխան չընդունող, իր տեսակէտը փաստարկող եւ հայութենէն պարպուած ու կորսուած հայերը «որսացող» եւ հայկականութեան վերադարձնող Անին իր դրոշմը դրաւ Լոնտոնի գաղութին մէջ` հիմնադիր անդամ ըլլալով Հայ օգնութեան միութեան, ապա տարիներ շարունակ անդամակցեցաւ Լոնտոնի Համայնքային ու եկեղեցական խորհուրդի տիկնանց յանձնախումբին եւ իր անխոնջ ու անսակարկ նուիրումով աւարտեց զայն` 25 տարիներ ծառայելէ ետք:

Անի Չպլաքեան նաեւ ընտրուեցաւ Լոնտոնի Եկեղեցական խորհուրդի անդամ` վարելով փոխատենապետին պաշտօնը, ուր իր կարգ մը ծրագիրներով եւ խորհուրդներով հիմնական դերակատարը եղաւ այդ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքին: Այդ ընթացքին նաեւ 5 տարի աշխատեցաւ որպէս Լոնտոնի Հայ տունի խնամակալութեան անդամ:

Կարելի չէ չյիշել Անիին դերակատարութիւնը, երբ «Նաւասարդեան» կեդրոնը գրեթէ ձեռքէ պիտի տրուէր, եթէ իր անմիջական ներկայութեամբ եւ նիւթական կարճաժամկէտ ներդրումով չկանխէր կեդրոնին օտարումը: Իսկ երբ խօսէինք այդ բոլորին մասին, կ՛ըսէր. «Ճանը՛մ, ըրի վերջացաւ, ուրիշ բա՞ն մը կայ հայութեան համար, եալլա ընենք»:

Իսկ իր բնորոշ յատկանիշը իր խանդավառ եւ թելադրող ներկայութիւնն էր: Ի՛նչ միջավայրի մէջ ալ գտնուէր, անկարելի պիտի ըլլար չզգալ անոր շունչը, եւ իր կամքէն անկախ` զգացնել կու տար իր ներկայութիւնը:

Սակայն վերջին տարիներուն իր անձնական եւ ընտանեկան հանգամանքներու բերումով Անին չկրցաւ մասնակցիլ լոնտոնահայ գաղութի կեանքին, բայց երբ խօսէինք կամ հանդիպէինք, ուրիշ ոչ մէկ նիւթ զինք կը հետաքրքրէր` բացի հայութեան եւ հայրենիքի անցուդարձերէն:

Ցաւօք կորսնցուցինք հպարտ հայ, հոգատար հայ մայր եւ Գոգօ Չպլաքեանի կեանքի ընկեր Անին:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ ընկերուհի, հանգչիս խաղաղ, յիշատակդ անթառամ, եւ թող հողը թեթեւ ըլլայ, սիրելի՛ Անի:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

7 ապրիլ 2025
Լոնտոն

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Ստեղծուեցաւ Երկիրը

Յաջորդը

«Աւանդութեանց Լուսամուտը» Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.