Գարեգին Նժդեհի մահուան 70-ամեակին առիթով, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն վերահրատարակեց մեծ զօրավարի «Որդիների պայքարը հայրերի դէմ» աշխատութիւնը:
Այս գիրքը Նժդեհի կարեւոր աշխատութիւններէն մէկն է, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1927-ին, Սելանիկի մէջ: Գիրքը հիմնականին մէջ հասցէագրուած է հայ երիտասարդութեան, մտաւորականութեան եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ հետաքրքրուած մարդոց: Այս աշխատութիւնը ոչ միայն պատմական արժէք ունեցող ստեղծագործութիւն մըն է, այլ նաեւ գաղափարական ուղեցոյց մը, զոր պէտք է կարդայ իւրաքանչիւր հայ, որ մտահոգ է իր ազգին ապագայով:
Նժդեհի մահուան 70-ամեակը ոչ միայն յիշատակումի պահ է, այլ նաեւ լաւագոյն առիթն է վերանայելու իր գաղափարներուն եւ անոնց արդիականութեան: Այս նպատակով կը վերահրատարակուի իր այս գիրքը` նոր սերունդի ընթերցողներուն հասանելի դարձնելու անոր մտաւոր ժառանգութիւնը:
Ուստի սոյն գիրքը անվճար պիտի բաշխուի Հայկական վարժարաններ յաճախող 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց լեզուի եւ Հայոց պատմութեան դասատու ուսուցչուհի-ուսուցիչներուն:
ՀՅԴ «ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ» ԿՈՄԻՏԷ


