Երէկ առաւօտեան, «Էն. Պի. Էյ.»-ի Արեւելեան շրջանի աւարտականի առաջին ճակատումին, Նիւ Եորք Նիքս Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց, երբ երկարաձգումին 138-135 արդիւնքով պարտուեցաւ Ինտիանա Փէյսըրզէն:
Նիւ Եորք 14 կէտով կը յաղթէր մինչեւ մրցումին վերջին 3 վայրկեանները, ուր Թայրիս Հալիպըրթըն եւ ընկերներ յաջորդական կէտեր նշանակելով հաւասարեցուցին արդիւնքը:
Թայրիս վերջին երկվայրկեանին 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց (իր կարծիքով), սակայն կրկնութեան վրայ նկատուեցաւ, թէ ոտքին ծայրի բաժինը 3 կէտնոց սահմանին դպած էր:
Հալիպըրթըն անմիջապէս մեկնեցաւ եւ համակիրներուն մօտ «խեղդելու» ձեւով տօնեց յաղթանակը` կրկնելով նախկին աստղ Ռիճի Միլըրի տօնած ձեւը 1994-ին:
Հալիպըրթըն 31 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, մինչ Էնտրու Նեմպհարթ, որ երկարաձգման նշանակեց յաղթանակի կէտերը, ձեռք ձգեց 15 կէտ: Արոն Նեսմիթ 30 կէտ աւելցուց Ինտիանայի հաշուոյն:
Նիւ Եորքի աստղ Ճէյլըն Պրանսըն 43 կէտ նշանակեց, իսկ Քարլ – Անթոնի Թաունզ 35 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց Նիքս չկրցաւ իր համակիրները ուրախ պահել:


