Չորեքշաբթի երեկոյեան, ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մըզհերի մէջ 76-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատին` հաւասարեցնելով աղջկանց ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումներու մրցումները:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին կրցաւ 22-14 արդիւնքով յառաջանալ, հակառակ անոր որ Կապի Սաատ (ձեռքը կոտրած) եւ Տանիելլա Ֆայյատ (թեթեւօրէն վիրաւոր) չխաղցան այս մասին, մինչ օտար մարզիկներէն Ճիլիըն Արչըր հիւանդ վիճակով մասնակցեցաւ:
Բ. մասին Ռիատի աւելի լաւ էր եւ 26 կէտ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 16-ին դիմաց:
Կիսախաղին Անթիլիաս շատ աւելի լաւ կրցաւ տիրապետել մրցակիցին վրայ, որ շատ անգամ մօտեցաւ եւ անցաւ 1-2 կէտով, բայց ՀՄԸՄ Անթիլիաս միշտ պատրաստ էր ինքզինք գտնելու եւ պատասխանելու:
Մրցումի աւարտէն 2 վայրկեան առաջ Ռեպեքքա Սոքըլի կողովը Ռիատին 72-71 արդիւնքով յառաջացուց, բայց Արչըր անմիջապէս պատասխանեց, ապա Աքըլ կատարելէ ետք իր 5-րդ ֆաուլը դուրս ուղղուեցաւ դաշտէն:
Արչըր կողով մը եւս նշանակեց մրցումի աւարտէն 48 երկվայրկեան առաջ (75-72), որմէ ետք թայմ-աութները սկսան, եւ աւարտէն 25 երկվայրկեան առաջ Մարթա Պըրս իր կարգին ֆաուլ մը կատարեց (իր 9-րդը) եւ դուրս ուղղուեցաւ: 21 երկվայրկեան առաջ Նուր Լապպան 2 կէտնոց կողով մը նշանակեց (75-73), որմէ ետք ժամացոյցի դէմ պայքարը սկսաւ եւ ֆաուլ` Արչըրի վրայ: Արչըր, որ ազատ հարուածներու հարց ունէր այս մրցումին, կրցաւ նշանակել 2 առիթներէն մէկը, որ մրցումի 5-րդն էր` 12 առիթներէն: Վերջին 7 երկվայրկեաններուն արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս «տաք» համակիրներուն ներկայութեան կրցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1-ի:
Բաւական դժուարութեամբ կրցան զսպել «հսկայ» Սետոնա Փրինսը, որ 5 ֆաուլի ենթարկուեցաւ: Սետոնա 26 կէտ եւ 18 ռիպաունտ նշանակեց:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս լաւ ձեւով կրցաւ զսպել նաեւ Ռեպեքքա Աքըլը, որ 9 կէտ կրցաւ նշանակել միայն 38 վայրկեաններու ընթացքին:
Միշտ լաւ կ՛ըլլայ, երբ այս մարզիկներուն վրայ կ՛աշխատցուի. անոնց ֆաուլերու ստիպելով եւ ձեւով մը անշարժացնելով մրցումը վերջին վայրկեաններուն: Սերոնա 4 ֆաուլեր ունէր մրցումի աւարտին, մինչ Մէյկըն Նաասան իր կարգին 4 ֆաուլ կատարած էր:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաւոր ֆաուլերու հարց չունէր, եւ Մարթայի 5 ֆաուլերէն 3-ը կատարուեցան վերջին մասին. այդ ֆաուլերը աւելի թաքթիքային էին, բացի վերջին ֆաուլէն, որ յարձակումի պահուն էր:
Պըրս 28 կէտով աւարտեց մրցումը, մինչ Արչըր 23 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` շահելով 8 ֆաուլեր: Վստահաբար աւելի առողջ վիճակի մէջ ան աւելի ներկայութիւն կրնար ունենալ դաշտին վրայ:
Փերլա Պու Նասր 15 կէտ նշանակեց, մինչ Փաթիլ Ասատուրեան, որ լաւ աշխատանք տարաւ Փերլայի հետ պաշտպանելու պաշտօններով, աւելցուց 4 կէտեր: Լաւ ձեւով պաշտպանեց նաեւ Նարինէ Կէօքճեան, մինչ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տանիելլա Ֆայյատ իր 2 յաջող 3 կէտնոց կողովներով` առանց յաւելեալ ճնշումի:
Յոյսով, որ համակիրներն ալ աւելի մեծ թիւերով ներկայ կ՛ըլլան վաղը, Մըզհերի մէջ:
Երէկ, երրորդ ճակատումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս , առաջին մրցումին նման չկրցաւ զսպել Ռիատիի յարձակումները եւ առաջին մասէն իսկ ետ մնաց 30-7 արդիւնքով: Միւս մասերուն բարելաւուեցաւ խաղը, բայց արդէն ուշ էր: Մրցումը վերջ գտաւ 94-53 արդիւնքով:


