Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Վեսթերոս Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ «ՀՄԸՄ» Ակումբի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

May 22, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ 17 Մայիս 2025 թուականին Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀՄԸՄ» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան մեկնարկը տրուեցաւ երբ ՀՄԸՄ Վեսթերոսի սկաուտները, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ Սթոքհոլմի շեփորախումբին, ակումբի մուտքին շարուած պատիւ առնելով հիւրնկալեցին ժողովուրդին։

ՀՄԸՄ-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի ատենապետ եղբ. Տիգրան Կէօվշենեան հրաւիրեց Տէր Մկրտիչ քհն. Գրիգորյանին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յովսէփ Տէր Գէորգեանին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Գազանճեանին եւ Հ.Յ.Դ. «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Տէր Սահակեանին՝ միասնաբար կտրելու կարմիր ժապաւենը եւ պաշտօնապէս ակումբը բացուած յայտարարելու։

Ապա վարչութեան միւս անդամները հրաւիրեցին Շուէտի ՀՄԸՄ-ի Սթոքհոլմ, Սոտէրթելիէ եւ Օրեպրու շրջաններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական խորհուրդներու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը շուէտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեանը՝ մուտք գործելու նորաբաց ակումբը։

Ակումբէն ներս յայտագիրը սկիզբ առաւ Շուէտի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով, որոնցմէ ետք հանդիսավարներ քոյր Նարինէ Քիրազեան (հայերէն) եւ քոյր Մարինա Կէօվշենեան (շուէտերէն) ներկաներէն խնդրեցին մէկ վարկեան ոտնկայս լռութեամբ յարգել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան պայքարի ճանապարհին ինկած բոլոր նահատակներու յիշատակը։

Բարի գալուստի խօսքերով քոյր Անի Թովմասեան (հայերէն) եւ քոյր Միրնա Գազանճեան (շուէտերէն) դիմեցին ներկաներուն եւ խօսեցան հանդիսութեան հիմնական առիթներու՝ Մայիս 28-ի, ՀՄԸՄ Վեսթերոսի հիմնադրութեան 10-ամեակի եւ նոր «ՀՄԸՄ» ակումբի մասին։

Տեղի ունեցաւ կենսագրական-վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ կենդանի մեկնաբանութեամբ քոյր Միրնա Սարգիսեանի եւ քոյր Նարինէ Քիրազեանի, նուիրուած ՀՄԸՄ Վեսթերոսի հիմնադրութեան 10-ամեակին։ Տեսերիզը եւ քոյրերուն հոյակապ մեկնաբանութիւնը զգացական եւ յուզիչ պահեր ապրեցուց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ վերյիշել տուաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի եւ մասնաւորապէս Վեսթերոս շրջանի անցեալի բոլոր ձեռք բերումներն ու միութեան հիմնադրութեան ընդհանուր նպատակները։

ՀՄԸՄ-ի Վեսթերոս մեկուսի շրջանի ատենադպիր եղբ. Վազգէն Մարգարեան փոխանցեց վարչութեան խօսքն ու պատգամը։ Եղբ. Վազգէն ամփոփ ձեւով խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան եւ անոր յաջորդած տարիներու դիմագրաւուած դժուարութիւններունն ու անոնց յաղթահարման մասին։ Խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի դերին եւ գործին մասին՝ հայակերտման եւ հայեցի դաստիարակութեան ծիրէն ներս։ Եղբ. Վազգէն յիշել տուաւ ՀՄԸՄ Վեսթերոսի հիմնադրութեան տարիները եւ Վեսթերոսի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անդրադարձաւ սփիւռքահայութեան համար դասական իմաստով ակումբ ունենալու կարեւորութեան մասին։ Ան դիտել տուաւ, թէ ինչու եւ ինչպէս կրցաւ ՀՄԸՄ Վեսթերոսը իր ակումբը ունենալ։

Եղբ. Վազգէն շեշտը դրաւ կամաւոր բանակի գաղափարին վրայ եւ ըսաւ, որ ՀՄԸՄ Վեսթերոսի անդամները, սկաուտներու ծնողներն ու համակիրները ընդառաջելով վարչութեան կոչին բոլորը համախմբուեցան եւ դարձան ազգային բարերարներ՝ օժանդակելով ակումբի ձեռք բերման գործին, որովհետեւ Վեսթերոսի մէջՀՄԸՄ-ը ազգային դաստիարակութիւն տուող եւ հայի տիպարներ կերտող միակ եւ անմրցելի կազմակերպութիւնն է, իսկ ՀՄԸՄ-ի ակումբը միակ վայրը կրնայ ըլլալ, ուր ծնողներ իրենց զաւակները կրնան վստահիլ այնպէս ինչպէս իրենց տուները։ Ան նաեւ ըսաւ որ այս ակումբէն ներս պատանիներն ու երիտասարդները պիտի խօսին ու երգեն հայերէն, այստեղ պիտի կասեցուի մեր սերունդներու սպիտակ ջարդը եւ այստեղ արմատախիլ պիտի ըլլայ օտարամոլութիւնը, օտար լեզուները հայերէնէն աւելի սիրելու, օտարին հաճոյանալու եւ օտարէն աւելի օտար ձեւանալու ամէն տեսակի հիւանդութիւնները։

Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Վազգէն շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարդկանց եւ ընտանիքներուն, որոնք օժանդակեցին եւ կը շարունակեն իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերել ՀՄԸՄ Վեսթերոսին՝ ակումբ ունենալու հայութեան երազը իրականութիւն դարձնելու համար։

Հ.Յ.Դ. «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Տէր Սահակեան կոմիտէութեան անունով շնորհաւորեց շուէտահայութեան ընդհանրապէս եւ Վեսթերոսի հայկական համայնքին մասնաւորապէս՝ ՀՄԸՄ Վեսթերոսի ձեռք բերած պատմական այս յաղթանակին կապակցութեամբ։

Քոյր Պէթթի Քիլէրճեան արտասանեց Մուշեղ Իշխանի «Հայաստան» ասմունքը, որմէ ետք եղբ. Յարութ Գազեզեան ջութակով ելոյթ ունեցաւ՝ ներկայացնելով Կոմիտասի «Ալ Այլուղս» կտորը։

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ֆէտի Գազանճեան ներկաներուն փոխանցեց Կեդր. Վարչութեան խօսքը։ Եղբ. Ֆէտի ըսաւ, որ այս ակումբը միան տարածք չէ, այլ վայր մը ուր մեր երեխաներն ու երիտասարդները պիտի ունենան սորվելու, քննարկելու, ծրագրելու եւ հայ մնալով շուէտահպատակ դառնալու եզակի հնարաւորութիւն։ Ան իր կարգին շնորհաւորեց այս աշխատանքը, ՀՄԸՄ Վեսթերոսի վարչութեան եւ բոլոր անոնց որոնք քաջաբար աշխատեցան այս օրուան հասնելու համար։

Վերջին խօսքը եղաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանին։ Ընկ. Յովսէփ խօսեցաւ Մայիս 28-ի նշանակութեան եւ կարեւորութեան մասին ըսելով, որ Մայիս 28-ը բացարձակ արժէք է։

Ընկերը անդրադարձաւ այս օրերու Հայաստանի եւ համայն հայութեան յուզող հարցերուն, Հայաստանի ղեկին ազգային եւ Մայիս 28-ի գաղափառներով առաջնորդուող իշխանութիւն ունենալու հրամայականին, որը կը կարողանայ վերադարձնել հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, վարել արժանապատիւ բանակցութիւններ թշնամի երկիրներու հետ եւ հետապնդել հայութեան բոլոր իրաւունքները։ Աւարտելով իր խօսքը, ընկեր Յովսէփ ներկաներուն շնորհաւորեց Մայիս 28-ի, ՀՄԸՄ Վեսթերոսի հիմնադրութեան 10-ամեակի եւ նոր ակումբի բացման կապակցութեամբ։

Տէր Մկրտիչ քհն. Գրիգորյան յատագրի աւարտին եւս շնորհաւորեց իր հաւատացեալ ժողովուրդին, մասնաւորապէս իրեն հարազատ Վեսթերոսի հայութեան նոր ակումբի կապակցութեամբ եւ Գէորգ սարկաւաք Գրիգորի հետ միասին «Պահպանիչ» աղօթքով օրուան յայտագիրը իր աւարտին հասցուցին։

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Երկօրեայ Օգտաշատ Եւ Արդիւնաւէտ Սեմինար` Մերօրեայ Կեանքին Վերաբերող Նիւթերով Յագեցած

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.