Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորները ետ մղած են ռուսական ռազմակայանին վրայ չորս մահապարտ ահաբեկիչներու յարձակումը: «Մաշ Թելեկրամ» ալիքը կը հաղորդէ, որ ռուս զինուորները անոնցմէ երեքը ոչնչացուցած են:
Միջադէպը տեղի ունեցած է չորեքշաբթի օր կանուխ առաւօտուն Լաթաքիա քաղաքին մէջ` «Հմէյմիմ» ռազմակայանէն ոչ հեռու: Արմատականները փորձած են ճեղքել պահակակէտերը, սակայն հակահարուած ստացած են:
Ռուս զինուորները յաջողած են սուրիացի երեք զինեալներ վնասազերծել, իսկ չորրորդը նահանջած է:
Զինեալներուն ինքնութիւնը պարզուած է: Նախնական տուեալներով, անոնք բոլորն ալ ծագումով Ուզպեքիստանէն են եւ չեն ընդունիր Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը:


