Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստի աւարտէն ետք նշեց. «Ընտրական ներկայ օրէնքը կիրարկելի չէ, եւ անոր շուրջ քննարկումը ուշ կամ կանուխ պիտի սկսի»:
«Անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւններու օրէնքները քննարկել», ընդգծեց Պու Սաապ:
Նշենք, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով գումարեցին նիստ մը` քննարկելու համար շարք մը առաջարկներ, որոնց շարքին` երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ օրէնքներ:


