Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսախօս Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարներու Վեհաժողովի Ընթացքին. Պայրագտարեան. «Լիբանանը Ուժեղ Կերպով, Կամքով Եւ Ներուժով Վերադարձաւ Իր Դերը Ամբողջականօրէն Կատարելու»

May 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանը երկարատեւ բացակայութենէ ետք մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան աւելի քան 36 պետութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու կողքին մասնակցեցաւ վեհաժողովին` նախագահելով լիբանանեան պատուիրակութիւնը:

Պայրագտարեան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան նոր էջ բացաւ` ջանալով փակել տնտեսական, ընկերային եւ մարդասիրական ծանր փուլ մը: Ան ըսաւ, որ զօր.  Ժոզեֆ Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ նոր կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ նոր սկիզբ մըն էին:

Նախարարը ընդգծեց, որ Լիբանան պատրաստ է հաղորդակցելու եւ իր կարողութիւնները, կարելիութիւններն ու ուժերը դնելու հաւաքական նպատակասլաց աշխատանքին մէջ:

«Լիբանանը ուժեղ կերպով, կամքով եւ ներուժով վերադարձաւ իր դերը ամբողջականօրէն կատարելու, եւ ձեզի հետ կը կիսենք մեր երիտասարդներուն աւելի լաւ ապագայ կառուցելու նպատակը», յայտարարեց Պայրագտարեան:

 

 

Նախորդը

Պու Սաապ. «Անհրաժեշտ Է Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Օրէնքները Քննարկել»

Յաջորդը

Այցելելով Պըրրիի` «Նախագահ Աունի Հովանաւորութեամբ Ազգային Խորհրդաժողովի Կը Ձգտինք Եւ Անոր Համար Կ՛աշխատինք» Կ՛ըսէ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.