Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Իմոլայի Կրան Փրին

May 20, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի օր, վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն փաստեց, որ առիթ պիտի չտայ Օսքար Փիասթրիին եւ «Մաքլարեն»-ին` դիւրութեամբ դառնալու աշխարհի ախոյեան:

Արդարեւ, Վերշթափըն վերջ տուաւ Փիասթրիի յաջորդական 3 յաղթանակներու շարքին` շահելէ ետք Էմիլիա Ռոմանիա շրջավազքին վրայ` գերազանցելով Փիասթրիին մրցումի առաջին շրջանէն իսկ:

Փիասթրի եւ իր խմբակից Լանտօ Նորիս, որոնց «Մաքլարեն» ինքնաշարժները լաւագոյնն էին այս տարեշրջանի սկիզբէն, չկրցան հասնիլ Վերշթափընի Ռետ Պուլին:

Հակառակ մրցումի վերջին բաժինին «սէյֆթի քար» մտնելուն եւ ինքնաշարժներուն վերստին իրար մօտ ըլլալուն, Վերշթափըն պահեց իր դիրքը եւ աւարտէն շրջան մը առաջ Նորիս իր խմբակից Փիասթրիին անցաւ գրաւելով 2-րդ դիրքը:

Ասիկա Վերշթափընի երկրորդ յաղթանակն էր այս տարի, որ Իմոլայի 4-րդ յաջորդական տիտղոսն էր:

«Շատ փայլուն չէր մրցումի ազդանշանը, բայց պահեցի դուրսի գիծը, որ բնական մրցումի գիծին էր, եւ սկսայ մտածել, թէ պէտք է փորձեմ դուրսէն անցնիլ, եւ յաջողեցայ: Ասիկա առիթ տուաւ արագութիւնս աւելցնելու, եւ առաջին դիրքը գրաւելէն ետք ինքնաշարժը շատ լաւացաւ եւ դարձաւ անզսպելի», ըսաւ Վերշթափըն:

Լուիս Համիլթըն, որ 12-րդ դիրքէն կը սկսէր, 4-րդ դիրքին վրայ աւարտեց իր «Ֆեռարի»-ով` Իտալիոյ մէջ:

Համիլթըն մեծ մասամբ օգտուեցաւ իր խմբակից Շարլ Լըքլերի եւ «Ուիլիամս»-ի Ալեքս Ալպոնի մրցակցութենէն, ուր 4-րդ դիրքի պայքարին Լըքլեր ճնշած էր Ալպոնի վրայ, որ դուրս եկած էր ճամբէն վտանգաւոր նկատուած դէպքով մը, ուր Համիլթըն անցած էր զոյգ մրցակիցներուն: Աւելի ուշ, Լըքլերին ըսուեցաւ, որ պէտք է ճամբայ բանալ Ալպոնի, որ գրաւէ 5-րդ դիրքը:

Ճորճ Ռասըլ գրաւեց 7-րդ դիրքը իր «Մերսետես»-ով` գերազանցելով Քարլոս Սայնցի «Ուիլիամս»-ը: «Ռէյսինկ Պուլզ»-ի վարորդ Իսաք Հաժար 9-րդ դիրքը գրաւեց, մինչ «Ռետ Պուլ»-ի 2-րդ վարորդ Եուքի Ցունոտա 10-րդ դիրքը գրաւեց, հակառակ անոր որ ան սկսած էր մրցումը վերջին դիրքէն:

Ստորեւ արդիւնքները.

 

ԿԷՏ
1.- Մաքս Վերշթափըն 25
2.- Լանտօ Նորիս 18
3.- Օսքար Փիասթրի 15
4.- Լուիս Համիլթըն 12
5.- Ալեքսանտր Ալպոն 10
6.- Շարլ Լըքլեր 8
7.- Ճորճ Ռասըլ 6
8.- Քարլոս Սայնց 4
9.- Իսաք Հաժար 2
10.- Եուքի Ցունոտա 1

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Փիասթրի 146
2.- Նորիս 133
3.- Վերշթափըն 124
4.- Ռասըլ 99
5.- Լըքլեր 61
6.- Համիլթըն 53
7.- Անթոնելլի 48
8.- Ալպոն 40
9.- Օքոն 14
10.- Սթրոլ 14

 

ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- «Մաքլարէն Մերսետես» 279
2.- «Մերսետես» 147
3.- «Ռետ Պուլ Հոնտա» 131
4.- «Ֆեռարի» 114
5.- «Ուիլիամս Մերսետես» 51

 

Նախորդը

Վիեննայի Մէջ Կատարուեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը (Եութլինքս)

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Հասաւ Աւարտական

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.