Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաժժար. «Ընտրութիւններուն Մէջ Քուէներու Հաշուարկումը Կասկածէ Վեր Է, Եւ Արդիւնքները` Վստահելի»

May 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար այցելեց Թրիփոլի, ուր արդարադատութեան պալատէն յայտարարեց, թէ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մէջ քուէներու հաշուարկումը կասկածէ վեր է, եւ արդիւնքները` վստահելի:

«Քուէները հաշուող յանձնախումբերը ճշգրիտ հաշուարկում կը կատարեն, եւ կարգ մը դիտողութիւններ եղան, եւ մեզի ի յայտ եկաւ, որ յանձնախումբը նկատի կ՛առնէր որեւէ թերացում արձանագրուելու պարագային քուէներու վերահաշուարկ կատարելու բոլոր դիտողութիւնները», ըսաւ Հաժժար:

Նախարարը շեշտեց, որ քուէներու հաշուարկումը տեղի կ՛ունենայ երեք փուլերու վրայ, ինչ որ հոլովոյթին պարկեշտութիւնն ու թափանցիկութիւնը կը հաստատէ:

Ընտրութիւններու ժողովրդավարութեան համար լիբանանեան միութիւնը` ԼԱՏԻ-ն պահանջած էր Թրիփոլի քաղաքին մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները վերստին կատարել` նշելով, որ 11 մայիսին քուէարկութեան աւարտէն երկու օր անցնելէ ետք արդիւնքները չեն հրապարակուած, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ բողոքներ կան քուէներու հաշուարկի հոլովոյթի ընթացքին բացայայտ խախտումներու վերաբերեալ, ինչ որ կը պահանջէ քուէարկութեան բազմաթիւ սնտուկներ վերստին հաշուարկել, ինչ որ լուրջ կասկածներ կը յառաջացնէ ընտրական հոլովոյթի ապահովութեան ու պարկեշտութեան նկատմամբ:

Միութեան համաձայն, Թրիփոլիի մէջ ընտրական հոլովոյթը այլեւս չի բաւարարեր ազատ ու արդար ընտրութիւններու պայմանները, ինչ որ քաղաքին մէջ ամբողջ ընտրական հոլովոյթի կրկնութիւնը կը պահանջէ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը Ռիատէն. «Լիբանանեան Բանակի Աջակցութիւնն Ու Կառավարութեան Կարիք Ունեցած Տնտեսական Աջակցութեան Տեսակները Կը Քննարկենք»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.