Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

May 12, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստը գումարուեցաւ կիրակի, 11 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ:

Օրակարգին մէջ ներառուած էին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հնչած պետական-պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ ընդհանրապէս այդ առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչական ձեռնարկներն ու ուղերձները:

Նիստի ընթացքին ժողովականները հաստատեցին, որ Երեւանէն հնչած պետական յայտարարութիւնները ետդարձ կատարած էին Համահայկական հռչակագիրի բանաձեւած կէտերէն, շրջանցած էին Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումի գործողութիւնները, եւ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան ու Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութիւններու նիւթերը շրջանցուած էին եւ դուրս մղուած` հատուցման պահանջները: Նկատելի էր պետական ուղերձներուն մէջ Ցեղասպանութեան խնդիրին ներհայաստանեան սահմանում տալու քաղաքականութիւնը:

Այս առումով, նիստը ընդգծեց` վեհափառ հայրապետի պատգամին համահայկականութիւնը, շարունակուող ցեղասպանութեան փաստերը, համազգային օրակարգերու շուրջ համախմբուելու հրամայականը եւ պահանջատիրական երթը` հայրենիք-սփիւռք միացեալ աշխատանքներուն մէջ անշրջանցելի առաջադրանք պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Ազրպէյճանի քարոզչական-քաղաքական աշխատանքներուն մէջ, Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովը լուսարձակի տակ առնելով, Հայաստանի եւ սփիւռքի փորձագէտները քննեցին Պաքուի որդեգրած ռազմավարութիւնը` քրիստոնէական կեդրոններ շահագործելով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութենէն հայկական հետքերն ու պատկանելիութիւնը ջնջելու ուղղութեամբ:

Դիտարժան նկատուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին ունեցած հանդիպումներն ու բազմամիլիոն լսարաններ ունեցող իտալական նշանաւոր զանգուածային լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցները, որոնց բովանդակութեան առանցքն էին շարունակուող ցեղասպանութիւնները` Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Պաքուի ներկայ իշխանութիւնները: Այս իրազեկումները կ՛ընկալուին իբրեւ Վատիկանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան նախաձեռնած համագումարին պատասխան, որ իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ անպայման:

«Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը իր նիստին անդրադարձաւ նաեւ 27-28 մայիս 2025-ին Պեռնի մէջ տեղի ունենալիք Արցախի հոգեւոր-մշակութային վտանգուած ժառանգութեան պահպանման նիւթը ունեցող համագումարին, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի մասնակցի յատուկ պատուիրակութեամբ:

Յայտնենք, որ հրատարակութեան յանձնուած, Անթիլիասի մէջ կայացած Արցախի ցեղասպանութեան տարբեր ծալքերը ներկայացուցած գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն շուտով լոյսին կու գայ: Հատորին մէջ ներառուած են բազմաոլորտ ուղղութիւններով գիտաքաղաքական նիւթեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել այսօրուան համահայկական օրակարգերու մշակման եւ անոնց ընդառաջ աշխատանքներ ծաւալելու առաջադրանքին:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Յաջորդը

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.