Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին առաջարկած է միջնորդել Ուքրանիոյ տագնապի լուծման հարցին մէջ: Էրտողանը, իր կարգին, Միացեալ Նահանգներէն խնդրած է օգնել Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման: Երկու նախագահներու բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն ծանօթ դարձած է թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:
Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Էրտողանն ու Թրամփը համաձայնած են ուքրանական տագնապը լուծելու համատեղ ջանքերու շուրջ: Էրտողան բանակցութիւնները որակած է արդիւնաւէտ:
«Հիւրրիեթ» կը գրէ, թէ Թրամփը ընդգծած է Էրտողանի կարողութիւնը երկխօսութիւն կատարելու թէ՛ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, թէ՛ ալ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Թրամփ այդ առնչութեամբ իր թուրք պաշտօնակիցին առաջարկած է միջնորդի դեր ստանձնել:


