Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Այսօր Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի միջնորդութեամբ Սուրիոյ կացութեան շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ բանակցութիւնները կազմակերպուած են Ազրպէյճանի կողմէ եւ անոնց նպատակն է նուազեցնել լարուածութիւնն ու կանխարգիլել Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ բախում մը:
Կայանը նշեց, որ Իսրայէլ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի ներկայացնէ երկու գլխաւոր պահանջներ` «առաջինը երաշխաւորելն է, որ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ գոյութիւն չունենայ որեւէ ուժ, որ կը վտանգէ իր ապահովութիւնը, իսկ երկրորդը վստահ ըլլալն է, որ Սուրիոյ մէջ չկան ռազմավարական զէնքեր, որոնք իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն»:
Թուրքիան եւ Իսրայէլը 10 ապրիլին արդէն Պաքուի մէջ գումարած էին լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ Սուրիոյ մէջ բախումը կանխարգիլելու ժողով մը:
Այդ հանդիպումէն ետք Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ երկու երկիրներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու միջեւ գումարուած է «ապահովական-քաղաքական» ժողով մը` Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական ներկայութեան շուրջ լարուածութեան մագլցման լոյսին տակ լուծելու համար շրջանային տարակարծութիւնները:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ աւելի ուշ հաղորդած էին, որ Իսրայէլ դրական կ՛ընկալէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ սահմանափակ ռազմակայան մը պահպանելը` նշելով, որ Ազրպէյճանի մէջ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները «կայացան բարի կամեցողութեամբ»:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլ պէտք է լիարժէք կերպով յարգէ Լիբանանի մէջ յայտարարուած զինադադարը եւ Սուրիոյ վրայ իր յարձակումները դադրեցնէ»:


