– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անգամ մը եւս կը խօսուի չորս ամիս ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման ծիրին մէջ անոր նոր պարտականութիւններ վստահելու ջանքերու մասին: Այդ նոր պարտականութիւններու գլխաւորն է լրտեսական անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործելն ու սահմանի լիբանանեան կողմին վրայ հսկողութեան արդիական տեսախցիկներու տեղադրումը:
ՖԻՆԻՒԼ նաեւ կը պահանջէ Հըզպալլայի զինամթերքը փոխադրելու կամ զանոնք եւ Հըզպալլայի կառոյցները պայթեցնելու իրաւունք ունենալ, բան մը, որ լիբանանեան բանակը կը մերժէ:
Լիբանանեան հեղինակութիւններ այն մտավախութիւնը ունին, որ Միացեալ Նահանգներ սպառնան ՖԻՆԻՒԼ-ի շուրջ մէկ միլիառ տոլարի հասնող պիւտճէին իրենց մասնակցութիւնը դադրեցնել` Լիբանանը ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժի նոր առաքելութեան համաձայնելու մղելու համար:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ ամերիկեան կողմը Լիբանանի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի հաստատէ ծովային սահմանագծման վերաբերեալ 2007 թուականին ստորագրուած համաձայնութիւնը, որ հիմնուած է ծովու օրէնքին հակասող միջին գիծի մեթոտաբանութեամբ, ինչ որ անարդար է Լիբանանի համար, որ համաձայնութեան հիմամբ բացարձակ տնտեսական գօտիէն 1600-էն 2643 քառակուսի քիլոմեթրի հասնող տարածք կը կորսնցնէ:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ իրերայաջորդ աւելի քան 15 յարձակումներ գործեց Քֆարթպնիթի եւ Նապաթիէ Ֆաուքայի մէջ բլուրներու եւ անտառային բարձունքներու վրայ:
Իսրայէլեան բանակէն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Հատաս»-ին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ կարեւոր թիրախ մը կը հարուածենք»:
Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի կարեւոր թիրախի մը վրայ յարձակումներ գործեց»:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըզպալլայի անդամներ եւ մարտական միջոցներ պարունակող դիրք մը հարուածած է:
Ըստ նախնական տուեալներու, իսրայէլեան յարձակումներու պատճառով արձանագրուած են զոհ մը եւ 8 վիրաւորներ:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ Նաքուրա գիւղին վրայ նետեց կեղծ դրամներ, որոնց վրայ գրուած էր «հարցերու սխալ գնահատում մի՛ կատարէք, դեղին տոլարը մի՛ ընդունիք»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը երէկ կէսօրին հաղորդեց. «Ամերիկեան զինուորական խումբ մը լիբանանեան բանակէն ուժի մը ընկերակցութեամբ առաւօտէն ի վեր կը շրջի հարաւային Լիբանանի մէջ Քուսէյրի, Տէյր Սրիանի եւ Թիպէի լանջերուն գտնուող հովիտներուն մէջ»:
– ՀԱՄԱՍ. «Լիբանանէն հրթիռներու արձակման դէպքը անձնական արարք է, որմէ շարժումը տեղեակ չէ, եւ 4 կասկածելիները յանձնելու Լիբանանի պետութեան պաշտօնական պահանջէն ետք, ընդառաջեցինք եւ անոնցմէ 3-ը յանձնեցինք»:


