Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրագտարեան Հովանաւորեց «Փաթ» Ցանցի Միջազգային Խորհրդաժողովը

May 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց Պէյրութի մէջ միջերկրականեան եւ եւրոպական պետութիւններու ծիրին մէջ գործող միջազգային հարթակ եղող «Փաթ» ցանցի կազմակերպած միջազգային խորհրդաժողովը, որ կը կրէր «Առաջնորդութեան եւ ազդեցութեան խորհրդաժողով 2025. յաջողութիւն ճգնաժամի ժամանակներու» խորագիրը:

Նախարարը իր խօսքին մէջ իր մնայուն պատրաստակամութիւնը յայտնեց զօրակցելու ձգտումներու տէր լիբանանցի երիտասարդներուն` իբրեւ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման գլխաւոր ազդակ:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց ամրապնդելու մեքանիզմները, որոնք երիտասարդներուն համար գործի առիթներ կը ստեղծեն եւ զանոնք կարող կը դարձնեն կառուցելու իրենց ձգտումներուն համահունչ ապագայ մը:

Այցելութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան

Նախարար Պայրագտարեան այցելեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, մասնաւորաբար անոր մարզական կառոյցները, ուսանողներու «Չարլզ Հոսթլըր» կեդրոն եւ Պէյրութի աթլեթիզմի համալսարան:

Նախարարը համալսարանի տարբեր բաժինները շրջելէ ետք յայտնեց. «Նախարարութեան մէջ բազմաթիւ ծրագիրներ ունինք, եւ անհամբեր կը սպասենք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին նման յառաջատար համալսարաններուն հետ երիտասարդական եւ սկաուտական ոլորտներուն մէջ գործակցութեան»:

Պայրագտարեան Լուէյզէ Համալսարանին Մէջ
Մարզական Ձեռնարկ Մը Հովանաւորեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարը հովանաւորեց Լուէյզի համալսարանին մէջ 9 գաւառներէ 1300 աշակերտներու մասնակցութեամբ դպրոցական մարզական մրցումները, որոնց աւարտին կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութիւնը ամենայն հպարտութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կ՛աջակցի այն ամէն ինչին, որ կը նպաստէ երիտասարդներուն մօտ նախաձեռնութեան ոգիի ամրապնդման, եւ այս հիւրընկալութիւնը կը նկատենք իսկական առիթ մը` ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնը եւ ամրագրելու երկխօսութեան ու պատկանելիութեան քաղաքակրթութիւնը»:

«Մեր արդի պատմութեան մէջ կը բանանք նոր էջ մը, որուն առաջին ուրուագծումը իր երդման ճառին ճամբով կատարեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունը, անոր սկզբունքները հաստատելով եւ ուղղութիւնը ճշդելով, որմէ ետք շարունակուեցաւ վարչապետ դոկտ. Նաուաֆ Սալամի հայեցակարգով եւ այն սկզբունքներով, որոնք հաստատուեցան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, ուր խոստում տրուեցաւ, որ լիբանանցի ժողովուրդի հարցերն ու խնդիրները ըլլան կառավարութեան առաջնահերթութիւնները»:

«Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութիւնը ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ գործակցաբար կ՛աշխատի ստեղծելու հարթակ մը, որ կը միաւորէ երիտասարդներն ու երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան ու ընկերային աշխատանքի ոլորտներուն մէջ գործողները` ձգտելով միաւորել ջանքերը եւ երկխօսութեան ու հանդիպման տարածք բանալ», նշեց ան:

«Այս ուղղուածութիւնը միայն նախաձեռնութիւններուն աջակցելու նպատակով չէ, այլ կը ձգտի, համալսարանէն ներս թէ դուրս, լիբանանցի երիտասարդները մասնակից դարձնել որոշումի կայացման, եւ անոնց իսկական առիթ ընծայել ազգային բարգաւաճման երթին վրայ ազդելու», եզրափակեց Պայրագտարեան:

Նախորդը

Լասարօ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Գործողութեան Շրջանին Մէջ Փխրուն Կայունութիւն Կը Տիրէ»

Յաջորդը

Հաժժար. «Ապահովական Մարմիններէն Պահանջեցինք Թրիփոլիի, Աքքարի Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Անվտանգութիւնը Խաթարող Որեւէ Երեւոյթի Դէմ Պայքարին Մէջ Խիստ Ըլլալ»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.