Մայքըլ Ուոլց հեռացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուի պաշտօնէն: Անոր տեղակալ Ալեքս Ուանկ եւս հեռացուած է իր պաշտօնէն:
Աղբիւրներ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնած են, թէ ամենայն հաւանականութեամբ պատճառը «Սիկնըլ» յաւելուածին վրայ նամակագրութեան առնչուած գայթակղութիւնն էր, երբ զրուցակիցներու վրայ աւելցուած էր «Աթլանթիք» պարբերաթերթի խմբագրապետ Ճեֆրի Կոլտպըրկը, որ առիթէն օգտուելով հրապարակեց նշեալ յաւելուածին վրայ Ուոլցի, պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթի եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆի միջեւ Եմէնի վրայ հարուածներու քննարկումները:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն այս ընթացքին պիտի ստանձնէ ազգային անվտանգութեան խորհրդատուի պաշտօնը»:
«Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ուալց ՄԱԿ-ի մէջ յաջորդ դեսպանը պիտի ըլլայ», աւելցուց Թրամփ:


