Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա-Ուքրանիա Հակամարտութեան Լուծման Առաջին Եւ Անհրաժեշտ Քայլը Անկէ Իւրաքանչիւրին Ստիպելն Է, Որ Խաղաղութեան Առաջարկ Կատարեն», Կ՛ըսէ Վենս

May 3, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի ուզէր ռուս-ուքրանական տագնապին գտնել երկարաժամկէտ լուծում, որ երկու կողմերէն շաբաթական 5000 մարդու մահուան չի յանգեցներ: Այս մասին «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս:

«Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապի լուծման առաջին եւ անհրաժեշտ քայլը անոնցմէ իւրաքանչիւրին ստիպելն է, որ խաղաղութեան առաջարկ կատարեն: Եւ ատիկա իրականութեան մէջ տեղի ունեցաւ: Ուքրանացիները ըսին. «Ասիկա ճիշդ մեր ուզածն է»: Ռուսերը ըսին. «Ասիկա ճիշդ մեր ուզածն է», եւ հիմա դիւանագիտութեան գործն է փորձել ձեւով մը մերձեցնել երկու կողմերը: Որովհետեւ ռուսերու եւ ուքրանացիներու ցանկութիւններուն միջեւ լեռ ու ձորի տարբերութիւն կայ», նշեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ օրեր առաջ զգուշացուցած էր. «Միացեալ Նահանգներ իրենց միջնորդութեան վերջ պիտի տան, եթէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան տագնապին վերջ տալու շօշափելի առաջարկներ չներկայացնեն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս իր կարգին լրագրողներուն յայտնած էր. «Մենք ներկայիս կը գտնուինք փուլի մը մէջ, որ կողմերէն կը պահանջէ այս տագնապին վերջ տալու առաջարկներ ներկայացնել: Եթէ յառաջընթաց չարձանագրուի, ետդարձ պիտի կատարենք այս հոլովոյթին մէջ միջնորդի մեր դերակատարութենէն»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Արզ

Յաջորդը

Ուոլց Հեռացուեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհրդատու Պաշտօնէն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.