Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Երկրի Նախագահին

May 3, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 մայիսին Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իննա Թորգոմեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է Կիպրոսի  նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսին:

Ողջունելով եւ շնորհաւորելով նոր նշանակուած դեսպանը իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` նախագահը յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթած է` ընդգծելով Հայաստանի եւ Կիպրոսի մէջ նստավայր ունեցող դեսպաններու նշանակման կարեւորութիւնը`  ի նպաստ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման: Նախագահ Խրիսթոտուլիտես գոհունակութեամբ արձանագրած է Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը եւ կարեւոր նկատած ոլորտային փոխադարձ գործակցութեան ներուժի լիարժէք իրականացումը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ սերտ համագործակցութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպան Թորգոմեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ուղերձն ու բարեմաղթանքները փոխանցած է Կիպրոսի նախագահին եւ ժողովուրդին: Դեսպանը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը առաւելագոյն ջանքերը ներդնելու երկու երկիրներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան առաւել խորացման ուղղութեամբ:

Դեսպանը ներկայացած է նաեւ Հայաստանի մօտեցումները շրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ եւ ընդգծած Հայաստանի յանձնառութիւնը` նպաստելու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:

 

 

 

Նախորդը

Ժարամանա Քաղաքին Շուրջ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.