Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Սպանացի Խորհրդարանական Ճոն Ինիարիթուի. Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ոչ Միայն Պատմական Արդարութեան Խնդիր Է, Այլ Նաեւ Բարոյական Հրամայական

April 30, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ խորհրդարանի անդամ ճոն Ինիարիթուի բնորոշումով` պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երբ զանգուածային յանցագործութիւնները անպատիժ եւ չճանչցուած կը մնան, անոնց կրկնութեան հաւանականութիւնը կը մեծնայ: Երեսփոխանին համաձայն, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն պատմական արդարութեան խնդիր է, այլ նաեւ բարոյական հրամայական:

Սպանացի երեսփոխանը նման կարծիք յայտնած է «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ բազմաթիւ երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ արդէն իսկ ճանչցած ու դատապարտած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, Թուրքիան 110 տարի ետք կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը:

Ինիարիթու շեշտած է, որ Թուրքիոյ կանոնաւոր ժխտումը միայն զոհերու յիշատակին վիրաւորանք չէ, անիկա կը յաւերժացնէ անպատժելիութեան մշակոյթը:

«Թուրքիան հաստատութենական ժխտողականութիւնը` իբրեւ պետական քաղաքականութիւն, կը համատեղէ պատմութեան վերախմբագրման, դիւանագիտական ճնշումին, տնտեսական սպառնալիքներուն եւ միջազգային լոպիինկի միջոցով լաւ ֆինանսաւորուող ապատեղեկատուութեան արշաւներուն հետ: Այս մօտեցումը կը խաթարէ ճշմարտութիւնը, կը խեղաթիւրէ ներկան եւ կը փակէ հաշտեցման որեւէ իրական ուղի», նկատած է երեսփոխանը:

Ինիարիթու, պատասխանելով այն հարցումին, թէ նման պարագային միջազգային ընտանիքը կոչերէն ու յորդորներէն բացի ի՞նչ պէտք է ընէ, ընդգծած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է դուրս գայ խորհրդանշական յայտարարութիւններէն կամ քաղաքավար դիւանագիտութենէն:

«Միջազգային ընտանիքէն կը պահանջուի ամուր եւ սկզբունքային դիրքորոշում` համահունչ միջազգային օրէնքին եւ մարդու իրաւունքներուն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն պատմական արդարութեան խնդիր, այլ նաեւ բարոյական հրամայական է:

«Աւելի՛ն, պէտք է բազմակողմանի ճնշում գործադրուի Թուրքիոյ վրայ` բանալու իր արխիւները, պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ լիարժէք ու միանշանակ ճանաչման ուղղութեամբ երթալու համար: Կայուն խաղաղութիւնը կրնայ կերտուիլ միայն ճշմարտութեան վրայ», նշած է երեսփոխանը:

Ան նաեւ կարծիք յայտնած է այն հարցին շուրջ, թէ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ կամ ի՞նչ պայմաններու մէջ է, որ Թուրքիան պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` նշելով, որ Անգարայի կողմէ այդ քայլին կատարումը պիտի պահանջէ աւելին, քան քաղաքական մօտեցումը:

«Ճանաչումը պիտի պահանջէ մշակութային եւ ինքնութեան խոր վերափոխում: Այդ առումով Ողջակիզումէն ետք իր անցեալին հետ Գերմանիոյ առերեսումը հզօր օրինակ է. միայն այն ժամանակ, երբ հասարակութիւնը ազնուօրէն կ՛առերեսուի իր պատմութեան, անիկա կրնայ իրական ժողովրդավարական եղափոխութիւն սկսիլ: Թուրքիոյ պարագային ատիկա կը նշանակէ ժխտման վրայ հիմնուած հիմնարար ազգայնականութեան կազմաքանդում:

«Անիկա կը պահանջէ, որ թրքական քաղաքացիական հասարակութիւնը, յատկապէս երիտասարդ սերունդները, հաշտուին այն փաստին հետ, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ, ինչպիսիք են ասորիները եւ Պոնտոսի յոյները, համակարգուած կերպով բնաջնջուեցան: Խօսքը վէրքերու վերաբացման մասին չէ, այլ այդ վէրքերու ճանաչումն է` զանոնք բուժելու նպատակով», ընդգծած է երեսփոխանը:

Բայց եւ այնպէս ան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական մթնոլորտը, որ ձեւաւորուած է մենատիրութեան, քաղաքական իսլամի եւ նոր օսմանական պատմութիւններու հետեւանքով, կարճաժամկէտ հեռանկարի վրայ անհաւանական կը դարձնէ նման ճանաչում:

«Բայց եւ այնպէս, ես յոյս ունիմ, որ ժամանակի ընթացքին պիտի յայտնուի այլ Թուրքիա` աւելի ժողովրդավարական, աւելի բազմակարծիք եւ աւելի պատրաստ` առանց վախի առերեսուելու իր պատմութեան», շեշտած է սպանացի երեսփոխանը:

Ճոն Ինիարիթուն նաեւ խօսած է ներկայիս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններու եւ այդ ծիրին մէջ հայ-թրքական երկխօսութեան վրայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի հաւանական ազդեցութեան մասին:

«Այն, որ Հայաստանն ու Թուրքիան երկխօսութեան մէջ են, ինքնին ողջունելի զարգացում է, յատկապէս բեւեռացման եւ դիւանագիտական փակուղիի համաշխարհային մթնոլորտին մէջ: Փոխըմբռնման ուղղուած որեւէ ջանք, նոյնիսկ եթէ սկիզբը ուղղուած եղած է գործնական խնդիրներու վրայ, ինչպիսիք են սահմաններու բացումը կամ տնտեսական կապերը, պէտք է խրախուսուին: Բայց եւ այնպէս, դժուար է պատկերացնել, որ Ցեղասպանութեան հարցը ակնառու կերպով յայտնուի այդ օրակարգին վրայ: Այս ողբերգութեան անդրադառնալը կը պահանջէ քաղաքական հասունութիւն, ազգային վճռականութիւն եւ հաստատութենական խիզախութիւն, որոնք, ցաւօք սրտի, կը բացակային Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութեան մօտ:

«Բայց եւ այնպէս, եթէ երկխօսութիւնը ժամանակի ընթացքին պահպանուի եւ հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ բարեխղճութեան վրայ, անիկա աստիճանաբար կրնայ պայմաններ ստեղծել այս երկար պատմութիւն ունեցող խնդիրին` Հայոց ցեղասպանութեան անկեղծ եւ կառուցողական մօտենալու համար», նշած է Ինիարիթու:

Սպանացի երեսփոխանին բնորոշումով` Հայոց ցեղասպանութեան կամ այլ ցեղասպանութիւններու մասին խօսելու ընթացքին «այլեւս երբեք» արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ համընդհանուր գրաւական, սակայն շատ յաճախ անիկա կը դառնայ դատարկ կրկներգ:

«Հայկական դէպքը խորհրդանշական է. այն փաստը, որ Ցեղասպանութիւնը ժխտուած է աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, ստեղծած է վտանգաւոր նախադէպ: Իսկապէս զարգացած մարդկութիւնը պէտք է ներդրումներ կատարէ աշխուժ յիշողութեան, խիստ պատմական կրթութեան եւ անցումային արդարադատութեան մէջ` իբրեւ մեր ազգային հիմքի հիմնասիւներ: Միեւնոյն ժամանակ, յստակութիւնը էական է. ամէն յանցագործութիւն չէ, որ ցեղասպանութիւն է, եւ եզրի մանրացումը կը խաթարէ անոր իմաստը: Սակայն, երբ մենք կը խօսինք համակարգուած, ծրագրուած եւ ազգային կամ կրօնական դրդապատճառներով բնաջնջման մասին, ինչպէս ատիկա եղաւ հայերու պարագային, պէտք չէ ըլայ արդարացում, յարաբերականութիւն: Նման յանցագործութիւնները անուանակոչելը միայն անցեալի նկատմամբ պարտականութիւն չէ, այլ երաշխիք է ապագայի համար», եզրափակած է Ինիարիթու:

 

Նախորդը

Վենս. «Ուքրանիան Պիտի Չկարենայ Իր Տարածքը Վերադարձնել, Եթէ Պատերազմը Յաւելեալ Քանի Մը Տարի Տեւէ»

Յաջորդը

Թիֆլիսի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ռազմափորձերուն Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Կողքին Կը Մասնակցի Նաեւ Հայաստանը

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
ԵԽԽՎ-ի Մէջ.  Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ  Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ
Հայկական

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

October 1, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.