Ռէալ Մատրիտի պատմական միջնապահ Լուքա Մոտրիչ քանի մը օր առաջ դարձաւ Անգլիոյ Բ. դասակարգի Սուանսի ակումբի սեփականատէր:
6 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Մոտրիչի տրամադրած գումարին մասին բան չյայտարարուեցաւ, բայց Սուանսի յայտնեց, թէ Մոտրիչի ներկայութիւնը առանձին կրնայ օգնել խումբին միջազգային համբաւին` յառաջդիմելով դաշտին վրայ թէ անկէ դուրս:
39 տարեկան Մոտրիչ տակաւին Ռէալ Մատրիտի եւ Խրուաթիոյ ազգային խումբին հետ կը խաղայ բարձր մակարդակի վրայ եւ կը նկատուի ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած ֆութպոլիստներէն: Ան 2018-ին Պալոն տ՛օր ալ շահած էր:
«Բարձրագոյն մակարդակի ֆութպոլ խաղալով կը հաւատամ, որ կրնամ իմ փորձառութիւնս փոխանցել ակումբին: Իմ նպատակս է քաջալերել եւ օգնել ակումբին աճումին` աւելի հետաքրքրական ապագայ մը գծելու համար», ըսաւ Մոտրիչ:
Սուանսի նախապէս 1981-էն բարձրացած էր «Փրեմիեր լիկ», 4 տարուան ընթացքին բարձրանալէ ետք բոլոր դասակարգերէն: 1983-ին խումբը վերադարձաւ Բ. դասակարգ եւ 2011-ին կրկին բարձրացաւ «Փրեմիեր լիկ», ուր մնալէ ետք 7 տարեշրջաններ 2018-ին ինկաւ Բ. դասակարգ:


