Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Հըզպալլայի մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատու Մոհամետ Եասինն ու անոր օգնական Պիլալ Եազպեքը:
Անոնք նախարարին խնդրանքով անոր ներկայացուցին իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին վնասուած մարմնակրթական կարգ մը կառոյցներու վերաբերեալ թղթածրար մը:
Նախարար Պայրագտարեան պիտի ջանայ այդ կառոյցներուն նորոգութեան համար անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը ապահովել:
Երիտասադրութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարը նաեւ ընդունեց երեսփոխան Նաժաթ Աուն-Սալիպան:
Հանդիպումի ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան նախարարութեան աշխատանքներուն ծրագիրներուն եւ յառաջիկայ փուլի ծրագիրներուն շուրջ:
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ քննարկում կատարուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ ազգային ընդհանուր հարցերու շուրջ:


