Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

April 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Անդրանիկի:

Երկու խումբերն ալ իրենց 13 մրցումներէն 7-ն կրցած են յաղթել, իսկ երթին, 3-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ կրցած էր 97-94 արդիւնքով յաղթել Մըզհերի մէջ:

Այդ օրուան մրցումէն ետք երկու խումբերն ալ մէկական օտար մարզիկներ փոխած են, ուր ՀՄԸՄ ունէր Աքսել Թուփանը, իսկ Անդրանիկ` Անթոնի Ֆէյրլին: Այժմ ՀՄԸՄ-ին մաս կը կազմէ Թայլըր Պէյ, իսկ Անդրանիկին` Լեւի Պրատլին:

Լեւի Պրատլի 1 մրցում կատարած է` նշանակելով 19 կէտ` Շանվիլի դէմ յաղթանակին, մինչ Սայիտ Նելսըն 29 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր` նշանակելով 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: Անթոնի Քրիսուել, որ միջին հաշուով 23,3 կէտ կը նշանակէ ի նպաստ Անդրանիկի, իր կարգին վտանգաւոր խաղցող է: Անշուշտ լիբանանցի Ռուտի Հաժ Մուսա «Սիքուիք» իր կարգին հիմնական մարզիկներէն է եւ այս տարուան անակնկալ աստղերէն` Սաժեսէն փոխ տրուելով Անդրանիկին:

ՀՄԸՄ, որ իր վերջին մրցումին 104-100 արդիւնքով յաղթած էր «Էն. Էս. Էյ.»-ին, պէտք է լաւ ելոյթ ունենայ: Խումբին ոչ շատ կայուն խաղաձեւը շատ անգամներ դիւրին յաղթանակը կը դժուարացնէ: Ճիշդ է, որ բարձր մակարդակի պահեստի մարզիկներ չունինք, բայց աւելի կեդրոնացած խաղով եւ ֆաուլերէ զուրկ առաջին մասէ մը ետք աւելի լաւ արդիւնք կրնանք ձեռք ձգել առնուազն Բ. կիսախաղին:

1 ապրիլին Ռիատիի դէմ պարտութենէն ետք, ՀՄԸՄ կրցած էր 3 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրել եւ 4-րդը այդքան ալ դժուար չէ, եթէ Թայլըրի, Ճորտընի եւ Ալոքի կողքին Կերի եւ Կապրիէլ իրենց լաւագոյնը տան:

Անշուշտ պահեստի մարզիկներն ալ իրենց առաւելագոյնը տալով կրնանք տարեշրջանի 8-րդ յաղթանակը տօնել:

14-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Ռիատի 117-65 արդիւնքով յաղթած էր Մէյրուպային, Հուփս 85-66 արդիւնքով Սանթրալին, իսկ Սաժես 98-84 արդիւնքով` Անթունիէին:

Նախորդը

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Շաբաթ Օր Կրնայ Ախոյեան Դառնալ

Յաջորդը

Իրան-Ամերիկեան Բանակցութիւնները Այս Շաբաթ Պիտի Շարունակուին

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.