Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նեմեսիս» Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Իւրայատուկ Ներկայացում

April 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Ապրիլ ամիսը հայկական տօնացոյցին վրայ իրեն յատուկ տեղը ունի:

Ամէն տարի ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով հայեր բողոքի ցոյցերով, քայլարշաւներով, յիշատակի հանդիսութիւններով իրենց ցասումը կ՛արտայայտեն 24 ապրիլ 1915-ին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութեան  եւ 1,5 միլիոն նահատակներուն ու բռնագրաւեալ հողերուն համար արդարութիւն ու վնասուց հատուցում կը պահանջեն ցեղասպանէն:

Այս տարի եւս լիբանանահայ գաղութէն ներս կազմակերպուեցան նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին ակներեւ եւ յիշատակութեան արժանի էր Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 22 ապրիլ 2025-ին:

«Ազգային արժանապատուութեան ասպետներուն յիշատակին» թեման կրող  գեղարուեստական  եզակի ներկայացումը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ հանդիսատեսներուն վրայ:

Յստակ էր, որ այդ ներկայացումը արդիւնքն էր  ամիսներու պատրաստութեան ու հետեւողական ճիգերու: Արդարեւ, մեր օրերուն նման ձեռնարկի մը ծրագրումն ու իրագործումը արդիւնքն է նաեւ կազմակերպիչ կողմին այն համոզումին, որ ազգերու գոյութեան երաշխիքներէն մէկը մշակոյթի ճամբով սերունդէ սերունդ պատմութեան  փոխանցումն է:

22 ապրիլի երեկոյեան «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ շատ շատեր ականատես եղան այդ իրողութեան, որովհետեւ Համազգայինի գեղարուեստի խումբերը  իրենց գեղեցիկ կատարումներով բեմականացուցին Հայոց ցեղասպանութիւնն ու «Նեմեսիս»-ի վրիժառու բազուկներու յաղթանակը:

Հայկական պարեղանակներով թէ երգերով  գեղարուեստի խումբերը յաջողեցան հանդիսատեսին փոխանցել Հայոց պատմութեան ահաւոր եւ պանծալի էջերը:

Բեմին վրայ ներկայացուած իւրաքանչիւր պատկեր, արուեստի ներկայացում ըլլալէ աւելի ունէր դաստիարակիչ եւ ոգեշնչող բնոյթ: Փաստօրէն, հմտօրէն մատուցուած իւրաքանչիւր պատկեր` պատմական Հայաստանի եւ պոլսահայութեան կենցաղին ներկայացում, ապա Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած եւ անկէ յարութիւն առած հայորդիներու դժբախտ վիճակ, արդարութեան հաստատման ի խնդիր պայքարած հայ վրիժառու բազուկներու արձանագրած յաղթանակներ, կը կրէր իւրայատուկ խորք ու պատգամ, թէ կարելի է գեղարուեստական ներկայացումով յիշատակել ու ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումը հանդիսատեսին յիշողութեան մէջ կարողացաւ արթնցնել Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ արիւնարբու թուրքին վայրագութիւնները, մատղաշ սերունդին ներկայացնել ցեղասպանութիւնը եւ անոր ներշնչել պայքարելու ու գոյատեւելու ոգին:

«Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումին ընթացքին հանդիսատեսն ու յայտագիրին մասնակիցները ապրեցան անկրկնելի հոգեվիճակներ: «Նեմեսիս»-ը վերակենդանացուց հայուն հաւատքը, ցոյց տուաւ տոկալու եւ պայքարելու անոր կամքը, որուն շնորհիւ հայը յաղթեց մահուան: «Նեմեսիս»-ը բեմականացուց` մեր պատմական արժէքները, Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ահաւոր ոճիրը, Կոմիտաս վարդապետի  տագնապալի հոգեվիճակները, ջարդի տեսարանները, 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու մեր վճռակամութիւնը եւ հայուն ունեցած կորուստներուն արդար հատուցումը:

Համազգայինը ներկայացուց նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան արդարահատոյցներուն սխրանքները, Սողոմոն Թեհլիրեանի արդար վրէժի ոգին եւ թուրք ոճրագործներուն մահապատիժը:

Վերջապէս, «Նեմեսիս»-ը եզակի արուեստով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, որ վերաթարմացաւ մեծահասակ հանդիսատեսներուն միտքերուն մէջ, իսկ նորահաս սերունդին ջամբեց պատմութիւն եւ պահանջատիրական ոգի:

Ազգային արժանապատուութեան ասպետներուն յիշատակին նուիրուած բեմականացումով վերանորոգեցինք մեր ուխտը եւ պայքարելու կամքը:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

 

 

Նախորդը

Ճերմակ Ջարդը

Յաջորդը

Աթլեթիզմ. Վարհոլմ 300 Մեթր Արգելարշաւի Նոր Մրցանիշ Արձանագրեց

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.