Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Զաւակները Մեզի Նայելով` Բարեպաշտութիւն Եւ Աստուածավախութիւն Պիտի Սորվին» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

April 16, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծաղկազարդը Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Ծաղկազարդի տօնին առիթով, կիրակի, 13 ապրիլ 2025-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն յաջորդեց մանուկներու թափօր: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակը, աւելցնելով, որ այլ ժողովուրդներ կիրակին ձիթենեաց կամ արմաւենեաց կիրակի կը կոչեն, իսկ մենք զարմանալիօրէն զայն անուանած ենք Ծաղկազարդի կիրակի, կարծես մեզի յիշեցնելու համար, որ մեր Տիրոջ անցած ճամբաները պէտք է ծաղկազարդուին, ծաղիկներով գեղեցկանան ու զարդարուին բոլոր ա՛յն արահետները, ուրկէ մեր Աստուածը կ՛անցնի իր անմահ արժէքներով ու նուիրական սրբութիւններով:

Սրբազանը ըսաւ, որ Ծաղկազարդ բառը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր նախնիները երկիւղածութեամբ ու հաւատքով ըմբռնած են այս առիթը եւ դիմաւորած` որպէս մուտք կարեւորագոյն տէրունի անցուդարձերու, որոնք կը յիշատակուին Աւագ շաբթուան ընթացքին: Սրբազանը յայտնեց, որ Աւագ շաբթուան նախօրեակին պատշաճ է, որ մեր եկեղեցիներէն ներս Ծաղկազարդի տօնակատարութեամբ մեզի եկող մեր Աստուածը դիմաւորենք. դիմաւորենք զայն մեր հայրերու հաւատքով, մեր սեփական աւանդոյթներով ու սովորութիւններով, որպէսզի մեզի եկող մեր Փրկիչը իսկապէս նորոգէ մեր ներաշխարհը եւ մեր ուշքը ուղղէ դէպի յաւիտենական ճշմարտութիւններ:

Սրբազանը անդրադարձաւ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի դէպքին, ուր ժողովուրդը զինք մեծ շուքով դիմաւորեց եւ հարց տուաւ, որ տարիներ ետք այդ օրերու անցուդարձերը վերաքաղի ենթարկելով` արդեօք ի՞նչ տեսակ հոգեվիճակ կը ստեղծուի մեր ներաշխարհին մէջ: Ան ըսաւ, որ մենք մարդկային ամէն տեսակի միջոցներու կը դիմենք, որպէսզի մենք մեր վիճակը պաշտպանենք եւ շատ քիչ անգամներ կը խնդրենք Աստուծմէ մեր փրկութիւնը, աւելցնելով, որ պէտք է մեր սրտերը իրեն բանանք, որպէսզի մեզ խաղաղեցնէ եւ վստահութեամբ ամրացնէ, որպէսզի այս աշխարհէն մեկնելով` մենք նաեւ հասնինք կեանքի իրականութեան:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը շեշտեց, որ Ծաղկազարդի առիթը կը նշենք, ոչ թէ պատմութեան վերաքաղ ընելով, այլ` մեզի համար մեր կեանքին մէջ հոգեւոր եռանդ ու ջերմութիւն հաստատելու ակնկալութեամբ: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այսօր մենք եկեղեցիներու մէջ ենք, որպէսզի նաեւ մեր օրինակով խրախոյս հանդիսանանք մեր զաւակներուն, որոնք մեզի նայելով` բարեպաշտութիւն եւ աստուածավախութիւն պիտի սորվին, եւ աղօթեց, որ մեր զաւակներուն կեանքի ընթացքը ըլլայ աւելի հեզասահ, աստուածային շնորհքը անպակաս ըլլայ իրենց առօրեային մէջ, անփորձանք մնան, Աստուծոյ պահպանութեամբ աճին, մեծնան եւ ծառայեն` իրենց ազգին, հայրենիքին, հայրենական եւ կրօնական ա՛յն բոլոր արժէքներուն, որոնցմով մեր ժողովուրդը կը շարունակէ իր կեանքը ամրացնել ու զարգացնել:

Պատարագի աւարտին կազմուեցաւ մանուկներու թափօրը, որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Նախորդը

Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կեդրոն

Յաջորդը

Ո՞վ Կը Խանգարէ Միասնականութիւնը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.