Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկազարդը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 14, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը, աւետարանական խորհուրդին կողքին ունի նաեւ իր ժողովրդական խորհրդանշանակութիւնը, որովհետեւ ինչպէս Քրիստոսը դիմաւորելու համար մանուկներ եւս եկած էին, այնպէս ալ մանուկներով կ՛ողողուին մեր եկեղեցիները եւ անոնց խինդն ու ծիծաղը կը բազմապատկուին մանուկներու շքեղ թափօրին ընթացքին:

Այս տարի եւս, Ծաղկազարդի տօնին առիթով մատուցուած սուրբ պատարագին, 13 ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը ընդունեց մեծ թիւով հաւատացեալներ: Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ սուրբ պատարագը մատուցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

Մանուկներու թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհարանի պատշգամէն: Նախ եւ առաջ, ան քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց  ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ յատկապէս հայրական սիրով` մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն ներկայութիւնը: Ան ըսաւ, որ «ահաւասիկ դարձեալ հոծ բազմութեամբ եկած ենք Անթիլիասի մայրավանք` միասնաբար ողջունելու Յիսուս Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ», ապա անդրադարձաւ Քրիստոսի ներկայութեան կարիքին մեր կեանքին մէջ, երբ կ՛ապրինք տագնապներով լեցուն աշխարհի մը մէջ, շրջապատուած բազմազան ու այլազան դժուարութիւններով: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն բանալու մեր կեանքին դռները Երուսաղէմ մուտք գործող Քրիստոսին առջեւ. «Թող Քրիստոս մո՛ւտք գործէ մեր կեանքին մէջ, մեր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական ու ազգային կեանքին մէջ, ամէ՛ն տեղ, որպէսզի Իր ներկայութեամբ ծաղկազարդէ մեր կեանքը երկնային օրհնութեամբ, բարիքներով ու պարգեւներով»:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը աղօթք վերառաքեց բարձրեալն Աստուծոյ, որպէսզի աստուածային շնորհքներով ծաղկազարդէ հայ կեանքը` հեռացնելով ամէն տեսակ չար ու չարիք: «Թող Աստուած հիւանդներուն առողջութիւն ու գործոց բարեաց յաջողութիւն պարգեւէ եւ մեր ժողովուրդին առջեւ բանայ լոյսի ու յոյսի ճամբան», եզրափակեց իր խօսքը վեհափառ հայրապետը:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Զէնքի Լեզուով Խօսիլ Մերժելը Եւ Դրական Չէզոքութիւնը Լիբանանի Համար Լաւագոյն Ընտրանքն Էր»

Յաջորդը

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Անդրադարձած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.