Ֆութպոլի վաստակաւոր նետերլանտցի մարզիչ Լէօ Պենհաքըր ոչ եւս է: Անոր ընտանիքը անցեալ հինգշաբթի գիշեր յայտարարեց, թէ 82 տարեկան Պենհաքըր մահացած է:
2 օգոստոս 1942-ին ծնած Պենհաքըր կանուխէն դժուար կեանք մը ունեցաւ, երբ հազիւ ֆութպոլի աշխարհ մտած կորսնցուց իր հայրը, ապա ստիպուեցաւ ելեկտրականութեան գործով զբաղիլ ընտանիքը պահելու համար: Հակառակ անոր որ ան արհեստավարժ ֆութպոլի սկսած էր, բայց կանուխ տարիքէն վիրաւորուելէ ետք ան լքած էր ֆութպոլը եւ 25 տարեկանէն «նետուած էր մարզիչի ասպարէզ, ուր ունեցաւ շատ փայլուն օրեր:
Ան 25 տարեկանին Ա. կարգի մարզիչի վկայական ունենալով դարձաւ Նետերլանտներու ամէնէն երիտասարդ մարզիչը: Վենտաամ, Քամպոտ Կօ Ըհետ Իկըլզ խումբերը մարզելէ ետք ան միացաւ Այաքս Ամսթերտամին, որուն հետ վերականգնեց «Թոթալ ֆութպոլ»-ը, ախոյեան դառնալով 1979-1980 տարեշրջանին:
Սպանիոյ մէջ իր ամէնէն փայլուն շրջանը ունեցաւ Ռէալ Մատրիտի հետ, ուր ղեկավարեց «Քուինթա տել Պուիթրէ»-ն` շահելով 3 յաջորդական «Լա լիկա»-ի տիտղոսներ, ինչպէս նաեւ «Քոփա Տել Ռէյ»-ը: «Քուինթա տէլ Պուիթրէ» հնգեակին մէջ կ՛ընդգրկուէին 1980-ականներու Սպանիոյ ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկները, որոնք «արտադրած էր» Ռէալ Մատրիտի ակադեմիան` «Լա Ֆապրիքա»-ն:
Էմիլիօ Պութրակուենիօ, Մանոլօ Սանչիս, Միչել, Ռաֆայէլ Մարթին Վասքես եւ Միկել Փարտեսա այդ հնգեակն էին:
Պենհաքըր 1986-էն 1989 Ռէալ Մատրիտը մարզեց, ապա վերադարձաւ Այաքս Ամսթերտամ եւ 1990-ին գլխաւորեց Նետերլանտներու ազգային խումբը:
1992-ին վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտ կարճ ժամանակով, ապա կարճ պայմանագրութիւններ կնքեց Կրասհոփըրզ Ցիւրիխի, Սէուտական Արաբիոյ (1994-ին մոնտիալ) Վեթես Առնհայմի, Ֆեյենուրտի, Այաքսի, Թրինիտատ Թոպակոյի ազգային խումբին հետ, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի ազգային խումբին հետ` 2006-ի մոնտիալին, ապա Սփորթա Ռոթերտամի հետ 2018, երբ լքեց ֆութպոլի աշխարհը:
Պենհաքըր սիրահար էր Ռինուս Միքելսի «Թոթալ ֆութպոլ»-ին եւ իր մարզիչի ամբողջ ասպարէզին ընթացքին կ՛ուզէր եւ կը սիրէր կիրարկել անընդհատ յարձակողական ֆութպոլը: Ան կ՛ըսէր, թէ շատ կարեւոր է գեղեցիկ եւ հաճելի յարձակողական ֆութպոլ ցուցադրել համակիրներուն: «Միայն յաղթելը կարեւոր չէ, կարեւորը` ինչպէ՛ս կը յաղթես: Ֆութպոլը պէտք է գրաւիչ ըլլայ», կ՛ըսէր ան:


