Ազգային ազատ պլոքի անդամ Թոնի Ֆրենժիէի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Լիբանան այցելութեան ընթացքին (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր) Ժահժահին յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերեց: Ատիկա ինծի համար անակնկալ չէր` նկատի ունենալով, որ ան Ամերիկայի դաշնակիցն է եւ խորհրդարանին մէջ մեծագոյն պլոքը ունի»:
«Ես զարմացած եմ հանրապետութեան նախագահի հասցէին Ժահժահի վերջերս կատարած ծաղրանքէն, այն պահուն, երբ նախագահ Աունը աջակցութեան կարիք ունի եւ նախագահ Աունը բաւարար նախանձախնդիր է Լիբանանի ներքին վիճակին ու իր քայլերը նուրբ կերպով կը սերտէ, եւ այդ քաղաքականութիւնը արդիւնք կու տայ», նշեց Ֆրենժիէ:
«Չլսեցի, թէ Օրթէյկըս ապազինման եւ երդումի ճառին մէջ նշուածին նման զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու պայմանաժամ ճշդած է, իսկ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը յստակ հոլովոյթի կարիք ունին», ըսաւ ան:
«Կուսակցութեան կեդրոններուն 80 առ հարիւրը յանձնուեցաւ, եւ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի պատասխանատու ամերիկացի զօրավարը Լիբանանէն մեկնեցաւ, որովհետեւ «իսրայէլացին իր կամքին համեմատ կը գործէ», նշեց երեսփոխանը:
«Զղարթան պատերազմին մէջ զէնքով պաշտպանուեցաւ, իսկ խաղաղութեան մէջ` քաղաքականութեամբ, եւ Դիմադրութեան առանցքը պարտուեցաւ», յայտնեց Ֆրենժիէ:
«Ժամանակն է, որ Արեւմուտքին ու իսրայէլացիին փաստենք, թէ դիւանագիտական ընտրանքը ամէնէն յարմարն ու ամէնէն արդիւնաւԷտն է», աւելցուց ան:
«Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմը Լիբանանին աղէտ բերաւ, եւ այս պատերազմին Հըզպալլայի եւ շիի համայնքին համար գինը չափազանց մեծ էր», նշեց Թոնի Ֆրենժիէ:
«Հօրս` Սլէյման Ֆրենժիէի հովանիէն դուրս չեկայ, եւ մեր միջեւ գործելաոճի չնչին տարբերութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ երեսփոխանը:


