– ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ միջազգային հաղորդակցութիւնները ցոյց կու տան, թէ շաբաթ օր ընթացք առնող իրան-ամերիկեան բանակցութիւններուն դրական արդիւնքներու ձեռքբերման ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ պատմական համաձայնութեան կնքման պիտի առաջնորդէ:
Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրին կարծիքով, «երկու մայրաքաղաքներուն մէջ կնքուելու համար սպասուող համաձայնութիւնը շրջանի տարբեր տարածքներու, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ դրական ազդեցութիւններ պիտի ունենայ»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ արդարադատական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Փարիզի հետաքննչական կոմիտէէն երկու դատաւորներ ապրիլ ամսուան վերջին շաբթուան ընթացքին պիտի այցելեն Պէյրութ` իրենց հետ բերելով 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն քանի մը օր ետք ընթացք առած ֆրանսական հետաքննութեան տուեալներու մանրամասն զեկուցումները, որոնք լիբանանեան հետաքննութենէն անջատ պիտի ըլլան:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի կը պնդէ, որ Հըզպալլան վերջին ամիսներուն ընթացքին կը փորձէ Հարաւային արուարձաններու Շուէյֆաթ շրջանին մէջ գետնի տակ զինուորական դիրք մը վերակառուցել, «իր աշխատանքը հսկողութեան մեքանիզմէն կը պահէ եւ լիբանանցիներուն սուտ կը խօսի»:


