Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաբաթ Օր Օմանի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւններ

April 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Կ՛ուզենք, որ Իսրայէլ մասնակից ըլլայ Իրանի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութեան, սակայն կը ջանանք որեւէ ճակատումէ խուսափիլ, եւ մենք Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարենք»:

«Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելը մեզի համար նախընտրելի բանն է», նշեց Թրամփ:

Ան յոյս յայտնեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները յաջողին` «անոր հիւլէական զէնք ձեռք բերելէն խուսափելու համար»:

«Իրանի հետ բանակցութիւններ կը կատարենք, եւ կը յուսանք, որ կը յաջողինք, եւ ատիկա անոր ի շահ պիտի ըլլայ», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Շաբաթ օր իրանցիներուն հետ մեծ բանակցութիւն պիտի ըլլայ, անոնց հետ ուղղակի հանդիպում տեղի պիտի ունենայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց. «Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր Օմանի մէջ բարձր մակարդակով անուղղակի բանակցութիւններ պիտի կատարեն»` աւելցնելով. «Անիկա քննութիւն ըլլալուն չափ առիթ է: Գնդակը Ամերիկայի դաշտն է»:

«Օմանի մէջ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները անուղղակի պիտի ըլլան, եւ բանակցութիւններու որեւէ այլ ձեւ պիտի չընդունինք», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Բանակցութիւններուն ձեւը, անիկա ուղղակի է, թէ անուղղակի առաջնահերթ կարեւորութիւն չունի», նշեց Արաղչի` աւելցնելով. «Կարեւորը բանակցութիւններու արդիւնաւէտութիւնն է, երկու կողմերուն լրջութիւնն ու համաձայնութեան հասնելու կամքը: Բանակցութիւններու ձեւը շարք մը խնդիրներու կապուած է, այդ պատճառով ալ ընտրեցինք, որ անուղղակի ըլլայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց. «Չենք հաւատար բանակցութիւններու, որոնց մէջ կողմ մը միւսին իր պահանջները սպառնալիքի եւ ճնշումի ճամբով կը պարտադրէ»:

Իրանեան կառավարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները պիտի ըլլան անուղղակի, անոնց մէջ պիտի կեդրոնանանք մեր ազգային շահերուն, եւ այն ամէն ինչին վրայ, որ մեր ժողովուրդը կը հետաքրքրէ»:

«Բանակցութիւններու սկզբունքին կը հաւատանք, եւ ինչպէս նախապէս ընդգծեցինք, զայն պիտի վարենք, եթէ մեզի հետ յարգանքով խօսուի: Իբրեւ բանակցութիւններուն մէջ կողմ մեզ հետաքրքրողը մեր ազգային շահերը պահպանելն է, եւ այն ամէնը, որ մեր պայմանները պիտի բարելաւէ», նշեց կառավարութիւնը:

«Չենք կրնար բանակցութիւններուն պարունակութեան մասին խօսիլ նախքան անոնց սկսիլը, եւ մնացեալ մանրամասնութիւնները պիտի արծարծուին բանակցութեան հոլովոյթի ընթացքին», շեշտեց իրանեան կառավարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ բանակցութիւնները ողջախոհ ու իմաստուն ըլլան:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած է. «Սպիտակ տան պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի պիտի նախագահեն շաբաթ օրուան բանակցութիւններուն»:

Նախորդը

Թրամփը` Էրտողանին. «Շնորհաւորութիւններս… Գործակատարներուդ Ճամբով Սուրիան Առիր»

Յաջորդը

Ըստ Էրտողանի Գլխաւոր Խորհրդականին. Անգարա – Երեւան Կարգաւորումը Կարելի Է, Եթէ Հայաստանը Ճանչնայ Ազրպէյճանի Անկախութիւնը, Տարածքային Ամբողջականութիւնը Եւ Ստորագրէ Խաղաղութեան Պայմանագիրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.