Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

April 9, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան»  կեդրոն, տեսակցելու համար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր   ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։ Պատուիարկութեան մաս կը կազմէին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեան, Շրջանակային յանձնաժողովի խորհրդական եւ ՀԵԸ-ի ատենապետ Վիգէն Չէրչեան,  Շրջանակային յանձնաժողովի խորհրդականներ Արթիւր Գունտագճեան եւ  Վազգէն Հատիտեան, ՀԲԸՄ ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Վաչէ Մելքոնեան եւ ատենադպիր  Յակոբ Ճըղըլեան եւ ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի վարիչ տնօրէն Արին Ղազարեան։

ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան, Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու պատասխանատու Ճորճ Գրիգորեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Լատոյեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան։

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան բարի գալուստ մաղթեց պատուիրակութեան, վեր առաւ Բարեգործականի համասփիւռքեան դերակատարութիւնը, յատկապէս արժեւորելով երիտասարդութեան միութենական կեանքին ներգրաւումով հայապահպանման աշխատանքներ իրականացնելը։

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակայինն վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան  յաջողութիւն մաղթեց Կեդրոնական կոմիտէի նորընտիր ներկայացուցիչին եւ ընդգծեց համագործակցական ոգիով միասնական ծրագիրներ մշակելու եւ աշխատանքներ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպումը առիթ էր նաեւ խորհրդակցելու յառաջիկային տեղի ունենալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասին։ Մասնակիցները շեշտեցին լիբանանահայ համայնքի ստուար մասնակցութեան կարեւորութիւնը թէ՛ քաղաքացիական պարտաւորութեան եւ թէ՛ լիբանանահայ քուէի նշանակութեան առումներով։

Խորհրդակցութեան մասնակիցները այնուհետեւ անդրադարձան հայաստանեան ու սփիւռքեան խնդիրներուն, լիբանանահայութեան դիմագրաւած կրթական, տնտեսական, ընկերային դժուարութիւններուն եւ ընդգծեցին հրամայականը յաճախակի քննարկումներ կատարելու ու միացեալ կառոյցներով աշխատելու։

Համագործակցութեան ոգիի եւ գործնականի անցումի շեշտադրումներու ընդգծումներով կայացած այս հանդիպումը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ  յատկապէս լիբանանահայ համայնքի առնչուած  խնդիրներու ընդառաջ համագործակցաբար աշխատելու ուղիները ճշդելու նպատակով։

 

Նախորդը

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Քաղցկեղ Է, Եւ Եթէ Լիբանանը Կ՛ուզէ Առողջանալ, Պէտք Է Զայն Արմատախիլ Ընէ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (9 Ապրիլ 2025)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.