Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Թրքական Կառավարութեան Արխիւներու Ընդհանուր Տնօրէնին Թրքական Արխիւներուն Մէջ Հայկական Հարցին Վերաբերեալ 200 Հազար Փաստաթուղթ Կայ

May 4, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուղուր Ունալ

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան արխիւներու ընդհանուր տնօրէն Ուղուր Ունալ յայտնած է, որ թրքական արխիւներուն մէջ գտնուող շուրջ 200 հազար փաստաթուղթ ուսումնասիրողներու յանձնուած են:

Կարինի մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն շուրջ գիտաժողովին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման թրքական յայտնի թեզերէն բացի գրեթէ ոչինչ քննարկուած է:

Ունալ իր կարգին պնդած է, որ թրքական արխիւները բաց են ուսումնասիրութիւններու համար: Ան յայտարարած է, որ հայկական հարցին առնչուող շուրջ 2550 փաստաթուղթ օսմաներէնէ թարգմանուած է ժամանակակից թրքերէնի եւ հասանելի է նոյնիսկ պետական արխիւի կայքէջին ճամբով: «Մինչեւ հիմա շուրջ 90 երկիրներու գիտնականներ դիմած են մեզի` ուսումնասիրութիւններ կատարելու արտօնութիւն ստանալու համար», ըսած է ան:

Ունալ նաեւ յայտարարած է, որ հայերը Անատոլուի մէջ թուրքերուն հետ հանգիստ ու խաղաղ կ՛ապրէին: Օսմանեան կայսրութեան մէջ անոնց հետ լաւ վերաբերում ունեցած են, եւ անոնք հանգիստ քաղաքականութեամբ կը զբաղէին եւ տարբեր մարզերու մէջ պաշտօններ վարած են:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռեհա Քեսքինթեփէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կարեւոր նկատած է, որովհետեւ ատիկա ոչ միայն նոյն շրջանին մէջ ապրող երկու դրացիներու, այլ նաեւ Կովկասի մէջ խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատման համար կարեւոր գործօն է:

Նախորդը

Նախարար Նալբանդեան Ընդունեց ԱՊՀ Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը

Յաջորդը

Հայրենի Գործարարներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին «Տնտեսութեան Մէջ Նոր Մշակոյթ Յառաջացնելու Անհրաժեշտութիւնը Կայ» Յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.