Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, որ այսօր Ուաշինկթըն պիտի ուղղուի` ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրին:
«Երկու կողմերը պիտի քննարկեն մաքսատուրքերու խնդիրը, իսրայէլացի գերիները վերադարձնելու ջանքերը, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները, իրանեան սպառնալիքը, Միջազգային քրէական դատարանին դէմ պայքարը», նշեց գրասենեակը:
«Իսրայէլի վարչապետը կը գնահատէ Թրամփի հետ անձնական ու ջերմ յարաբերութիւնները եւ անոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ հրաւէրին, համաշխարհային մաքսատուրքեր հաստատելէն ետք իր հանդիպում ունենալիք առաջին ղեկավարը ըլլալու, ինչպէս նաեւ այն բանի համար, որ ան Սպիտակ տուն մուտք գործելէն ետք Թրամփի հանդիպած առաջին ղեկավարն էր», յայտնեց Նեթանիահուի գրասենեակը:


