Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս շաբաթ օր այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Օրթէյկըս պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նախագահական պալատը հաղորդեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Միջին Արեւելքի ամերիկացի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի հանդիպումը շինիչ էր: Երկու պատուիրակութիւնները քննարկեցին շարք մը թղթածրարներ, որոնց գլխաւորը հարաւային Լիբանանի եւ Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն վրայ կացութիւնն էր, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի համար ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումները»:
«Ժողովէն առաջ հանրապետութեան նախագահին եւ ամերիկացի պատուիրակին միջեւ առանձին դռնփակ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ», նշեց նախագահական պալատը:
Ապա Օրթէյկըս այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Ան վարչապետարանէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Վարչապետարանը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումներու թղթածրարները: Օրթէյկըս գոված է կառավարութեան բարեկարգչական ծրագիրը, մասնաւորաբար այն քայլերը, որոնց ձեռնարկած է, մասնաւորաբար դրամատնային գաղտնիութիւնը չեղեալ նկատելը, դրամատնային մարզի բարեկարգման օրինագիծը, պետական վարչակազմին մէջ նշանակումներու նոր մեքանիզմի մեկնարկը, կառավարութեան վարչական ու հաստատութենական բարեկարգման ծրագիրները եւ փտածութեան դէմ պայքարը:
Շեշտուած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ամերիկացի պատուիրակը գոհունակութիւն յայտնած է այն քայլերուն նկատմամբ, զորս կառավարութիւնը սկսած է որդեգրել Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, քննարկուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ թշնամական արարքները դադրեցնելու ապահովական քայլերու համաձայնագիրի գործադրութեան համար հսկողութեան զինուորական յանձնախումբին հետ գործակցաբար լիբանանեան բանակին ձեռնարկած քայլերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հեռացման ամբողջացումը:
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ քննարկուած է Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ կացութիւնը` շեշտելով զայն ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առնելու եւ որեւէ լարուածութիւն ու քաոս արգիլելու, ինչպէս նաեւ մաքսանենգման բոլոր ձեւերը արգիլելու կարեւորութիւնը:
Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումէն ետք ան Այն Թինէէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Պըրրի Օրթէյկըսի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ օրական զոհեր պատճառող եւ զինադադարի համաձայնութեան ու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին խախտում հանդիսացող իսրայէլեան յարձակումներուն առնչուած կացութիւնն ու զարգացումները:
Քննարկուեցան մէկէ աւելի մակարդակի վրայ, մասնաւորաբար ելեւմտական, տնտեսական ու վարչական ոլորտներու մէջ պէտք եղած բարեկարգումները:
Պըրրի ամերիկացի պատուիրակին յանձնեց խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բարեկարգչական 18 օրէնքներու ցանկը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը տակաւին կը սպասէ բարեկարգչական այլ օրինագիծեր, որոնց շարքին է դրամատուներու վերադասաւորումը, դրամատնային գաղտնիութիւնը, վարչական բարեկարգումը, մասնաւորաբար Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդին մէջ:
Պըրրի հանդիպումը որակեց լաւ եւ շինիչ:
Լիբանանեան պետական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ պաշտօնատարները ամերիկացի պատուիրակին հետ իրենց հանդիպումի ընթացքին շեշտած են Իսրայէլի հեռացման ու գերիներու ազատ արձակման մեքանիզմի մը հաստատումը եւ անոր առաջարկած են օգտուիլ ծովային սահմանագծում կատարած թեքնիք յանձնախումբի փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ առկախ խնդիրներու համար կեանքի կոչել մագոգային դիւանագիտութիւնը:
Օրթէյկըս այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային կացութիւնները` կեդրոնանալով զինադադարի համաձայնութեան ու անոր առնչակից քայլերուն, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական կերպով գործադրման, լիբանանեան եւ ոչ լիբանանեան միլիսներու զինաթափման, Սուրիոյ հետ սահմանը վերահսկողութեան տակ առնելու, օդային ու ծովային անցակէտերը ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ մնացեալ շրջաններէն իսրայէլեան հեռացման ամբողջացման վրայ:
Քննարկուած են նաեւ վերաշինութեան եւ լիբանանեան տնտեսութեան վերակազդուրման ծրագիրները, ինչ որ համահունչ է համաձայնութեան գործադրութեան, որովհետեւ տնտեսական իսկական վերականգնման հիմնական մուտքը կը սկսի պետութեան ամբողջական գերիշխանութեան հաստատումով եւ լիբանանեան օրինականութեան զէնքի մենաշնորհով:
Ժահժահ յայտնած է, թէ զինաթափումը լիբանանեան հիմնական պահանջ է, որովհետեւ միակ ուղին է Լիբանանի մէջ ազդու պետութեան հասնելու, եւ «առանց Լիբանանի մէջ ազդու պետութեան պիտի մնանք քսան տարի առաջուան միեւնոյն կացութեան մէջ»:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, Օրթէյկըս Լիբանանը դրած է «մագլցումէն առաջ վերջին առիթի դիմաց, զոր պէտք է օգտագործէ իրագործելու համար զինադադարի մէկ կողմէ Լիթանի գետի հարաւին ու հիւսիսին առնչուած ապահովական ծրագիրը, միւս կողմէ` տնտեսական բարեկարգումները»:
«Լիբանանին փոխանցուեցան ամերիկեան պատգամներ, թէ գրաւը չդնէ ժամանակին վրայ, այսինքն Իրան-ամերիկեան բանակցութիւններուն վրայ, որովհետեւ կրնայ պահանջուած յառաջընթացը արձանագրելու համար ժամանակը անցած ըլլալ», նշեց կայանը:
«Լիբանանին փոխանցուած ամերիկեան պատգամներէն էր նաեւ այն, որ միջազգային ընտանիքը կը սպասէ, որ Պէյրութ յառաջիկայ շաբաթներուն հաւասարապէս սկսի ապահովական եւ տնտեսական անհրաժեշտ քայլերու կատարումը», յայտնեց «Ժատիտ»:
Ըստ «Տիար» օրաթերթին, ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս իր այցելութեան ընթացքին «ուղղակի սպառնական արտայայտութիւններ չունեցաւ» եւ «հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին սեղանի վրայ դրուած բոլոր հարցերուն եւ կէտերուն շուրջ, ներառեալ Հըզպալլայի զէնքի ճակատագիրը եւ սահմանագծման բանակցութիւններու մեքանիզմի շուրջ բացատրութիւնները»:
«Տիար» կը հաղորդէ, որ ըստ աղբիւրներուն, «լիբանանցի պաշտօնատարները շեշտած են իսրայէլեան հեռացումը ամբողջացնելու, իսրայէլեան խախտումներն ու յարձակումները դադրեցնելու եւ գերիներու ազատ արձակման առաջնահերթութեան վրայ»:
Ինչ կը վերաբերի սահմաններու շուրջ բանակցելու համար դիւանագիտական բնոյթի երեք յանձնախումբեր յառաջացնելու ամերիկեան առաջարկին, լիբանանցիները հիմնուած են փորձառութեան վրայ թեքնիք յանձնախումբին, որ ծովային սահմանագծումը կատարեց, եւ մագոգային դիւանագիտութեան, որ նախկին ամերիկացի պաշտօնատար Էյմըս Հոքշթայնը վարեց:
Ըստ տեղեկութիւններուն, «ամերիկացի պատուիրակը Հըզպալլան զինաթափելու որոշակի պայմանաժամերու մասին չխօսեցաւ եւ չանդրադարձաւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին, սակայն շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է ամբողջացնէ զինադադարի եւ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները, միւս կողմէ ալ ընդգծեց, որ Լիբանան ելեւմտական, տնտեսական ու վարչական ոլորտներու վրայ անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարէ»:
«Տիար»-ի տեղեկութիւնները կ՛աւելցնեն. «Լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշումը յստակ է յարաբերութիւններու բնականոնացումը մերժելու առումով, եւ ամերիկացի պատուիրակը նախօրօք գիտէ ատոր առնչուած պայմանները: Ինչպէս նաեւ Լիբանան կը զօրակցի 1949 թուականի զինադադարի համաձայնութեան յանձնառութեան»:
«Լիբանանցի պաշտօնատարները ընդգծեցին, որ իսրայէլեան հեռացումը բանակցելի չէ, եւ զինադադարի համաձայնութիւնը յստակ է եւ աներկբայելի կերպով այդ մէկը կը նշէ», կ՛աւելցնեն տեղեկութիւնները:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ լիբանանցի պաշտօնատար մը յայտնած է. «Օրթէյկըս ակնարկեց, թէ Լիբանանի մէջ վերաշինութիւնը կապուած է պետութեան իշխանութեան տարածման եւ բարեկարգումներու կատարման»:
Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ կիրակի օր միասնաբար ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ գումարեցին ժողով մը, որ կը վերաբերէր բարեկարգումներուն, որոնց կառավարութիւնը ձեռնարկած է:
Անոնք ներկայացուցին որդեգրուած բարեկարգչական օրէնքներն ու զանոնք գործադրելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն օրինագիծերը, որոնց վաւերացման համար աշխատանք կը տարուի, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարեկարգչական ծրագիրները, որոնք ցուցանիշ են լուրջ եւ նոր փուլի մը` կառավարութեան յանձն առած եւ վերջին նշանակումներով սկսած բարեկարգումներուն գործադրութեան ձեռնարկման:


