Պետական նախարար Փանոս Մանճեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը տակաւին տարակարծիք է նիւթական թղթածրարին առումով:
Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը տակաւին նիւթական տագնապի մէջ են եւ այդ պատճառով ալ անոնք կը թերանան իրենց առաքելութեան մէջ: