Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 33-ամեակին առիթով` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Սերկէյ Լաւրովը ուղերձներ փոխանակած են:
Լաւրով իր ուղերձին մէջ կը գրէ. «Հակառակ ռուս-հայկական դաշինքը խարխլելու արտաքին փորձերուն, կը յաջողինք պահպանել քաղաքական երկխօսութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան համակարգման բարձր մակարդակ եւ մեծցնել առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ միասնական համարկումի տարածութեան ձեւաչափով:
«Մենք պատրաստ ենք շարունակելու միացեալ աշխատանքը` աւելի խորացնելու եւ բարելաւելու գործընկերութեան արդիւնաւէտութիւնը` ի շահ մեր երկիրներու քաղաքացիներուն, ի շահ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման»:
Միրզոյեան իր կարգին Լաւրովին յղած իր ուղերձին մէջ նշած է. «Միջազգային յարաբերութիւններու փոխուող ճարտարապետութեան ժամանակակից պայմաններուն մէջ կարեւոր է շարունակել մեր գործընկերային գործակցութիւնը` հիմնուելով մեր պետութիւններու շահերուն վրայ եւ ի բարօրութիւն մեր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն:
«Մենք իբրեւ ուղենիշ ունինք քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկարաժամկէտ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը եւ նպատակ ունինք շարունակել ու ընդլայնել բովանդակալից, մեր երկիրներու շահերուն ամբողջութեամբ համապատասխանող երկխօսութիւնը»:


