Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կնոջ` Սարայի հետ այցելեց Պուտափեշթ: Իսրայէլի վարչապետի ժամանման մասին յայտարարեց Հունգարիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիսթոֆ Շալայ Պոպրովնիցքի:
«Մենք կ՛ողջունենք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն Պուտափեշթի մէջ», ըսաւ Շալա Պոպրովնիցքի:
Նեթանիահու Հունգարիա այցելեց իր հունգար պաշտօնակից Վիքթոր Օրպանի հրաւէրով: Իսրայէլի վարչապետը քանի մը օր պիտի մնայ Հունգարիոյ մէջ եւ քանի մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Օրպանի հետ:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը նշէ, որ ասիկա Միջազգային քրէական դատարանի զինք ձերբակալելու հրամանագիրէն ետք Նեթանիահուի առաջին ճամբորդութիւնն է: Ըստ օրաթերթի աղբիւրներուն, Նեթանիահու այցելութեան ընթացքին մտադիր է Իսրայէլի Միջազգային քրէական դատարանէն դուրս գալը յայտարարել:
Միջազգային քրէական դատարանը նոյեմբեր 2023-ին Իսրայէլի վարչապետը ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակեց` զինք մեղադրելով Պաղեստինի մէջ, ներառեալ Կազայի մէջ զինուորական յանցագործութիւններ կատարելու յանցանքով:
Հունգարիան երէկ յայտարարեց, որ դուրս կու գայ Միջազգային քրէական դատարանի համաձայնագիրէն:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք յայտարարեց. «Նեթանիահուի Հունգարիա այցելութիւնը միջազգային օրէնքին համար «վատ օր» է»:


