Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Ռմբակոծեց Սուրիան

April 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11 քաղաքայիններ մահացան, երբ իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Սուրիոյ մէջ ռազմավարական դիրքերու եւ զինուորական երկու օդակայաններու վրայ յարձակումներ գործեց:

Նախքան այդ, իսրայէլեան ցամաքային ուժերը առաջին անգամ ըլլալով ներթափանցեցին Տարաա քաղաքին եւ Թասիլ գիւղին միջեւ գտնուող Ժապիլիա ամբարտակի շրջան, ուր ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու բուռն բախումներ տեղի ունեցած են:

Իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց մայրաքաղաք Դամասկոսի, Հոմսի եւ Համայի մէջ ռազմավարական դիրքեր: Զինուորական աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնած է, թէ աւելի քան 17 օդային յարձակումներ թիրախաւորած են Համայի զինուորական օդակայանը, որուն բաժիններուն եւ պարունակած սարքերուն մեծամասնութիւնը քանդուած է:

Իսրայէլեան բանակը հինգշաբթի օր յայտնեց, որ հարաւային Սուրիոյ Թասիլ շրջանին մէջ գիշերային գործողութեան մը ընթացքին շարք մը զինեալներ սպաննած է, զինուորական միջոցներ գրաւած եւ ահաբեկչական ենթակառոյցներ քանդած:

Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը կրակոցի ենթարկուած են, ուստի ցամաքային ու օդային հարուածներով հակադարձած են, եւ սպաննած «շարք մը զինեալներ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան «անարդարանալի» եւ «30 վայրկեան տեւած» յարձակումը, որուն պատճառով տասնեակներով քաղաքայիններ եւ զինուորականներ վիրաւորուած են:

Նախարարութիւնը աւելցուց. «Այս անարդարանալի մագլցումը դիտաւորեալ փորձ մըն է քայքայելու Սուրիոյ կայունութիւնը եւ անոր ժողովուրդին տառապանքը երկարաձգելու»:

Քաց. «Եթէ Դամասկոս Իսրայէլի Թշնամի Ուժերուն Սուրիա
Մուտքը Արտօնէ, Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Եթէ Դամասկոս Իսրայէլի թշնամի ուժերու Սուրիա մուտքը արտօնէ, շատ սուղ գին պիտի վճարէ»:

«Սուրիոյ մէջ օդուժին գործունէութիւնը ապագային համար զգուշացում է: Մեր անվտանգութեան ոտնահարումը պիտի չարտօնենք», նշեց Քաց:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Սուրիոյ վրայ կատարուած յարձակումին հիմնական նպատակը Թուրքիոյ նախագահը զգուշացնելն է»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ մեր բոլոր զինուորական քայլերուն նպատակն է անվտանգութեան պահպանումն ու սպառնալիքներէ խուսափումը»` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ մեր գործողութիւնները որեւէ այլ նպատակ չունին»:

«Մեր սահմաններէն որեւէ մէկուն վրայ 6 հոկտեմբեր 2023-ի կացութեան վերականգնումը պիտի չարտօնենք», նշեց Սահեր:

Նախորդը

Ռուս Աւագ Բանագնացը Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Հետ Ժողովներու Մասին Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Զինեալ Յարձակում` Պէյրութի ՀՄՄ-ի Ակումբին Վրայ

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.