Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եազպեք. «Իշխանութիւնը Պէտք Է Հըզպալլայէն Իր Զէնքը Յանձնել Եւ Ներքին Քաղաքական Կեանքին Ներգրաւուիլ Պահանջէ»

April 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղայեաս Եազպեք յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի շրջանին մէջ, մասնաւորաբար ներլիբանանեան զարգացումներուն ու փոփոխութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշումներն ու ճառերը, կ՛արտացոլեն կուսակցութեան ինքնիրեն, իր համակիր զանգուածին եւ ընդհանրապէս Լիբանանին պատճառած աղէտներուն, ողբերգութեան, քանդումին, աւերին ու հարաւային շրջաններու եւ գիւղերու իսրայէլեան բռնագրաւումին մերժումը: Ան այս մասին խօսեցաւ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:

Եազպեք նշեց, որ այդ դիրքորոշումները յստակօրէն թափանցիկ ինքնաքննադատութեան բացակայութիւն ցոյց կու տան, ինչ որ զինք կը մղեն այն համոզումին, թէ Հըզպալլայի իր զէնքը կամովին լիբանանեան պետութեան յանձնելու եւ Իրանի հետ կապը խզելուն վրայ գրաւ դնելը սխալ է եւ անկարելի, ուստի իշխանութիւնը պէտք է Հըզպալլայէն ուղղակի կերպով պահանջէ իր զէնքը յանձնել եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ ներքաշուիլ, մանաւանդ որ երդման ճառը եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ընդգծեցին զէնքի պետութեան մենաշնորհը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը եւ զինադադարի համաձայնութիւնը, որ Հըզպալլան ինք ստորագրած է «իր գործակատար, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջոցով»:

«Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան մասին խօսելու հասնելէ առաջ, եւ անկախ անկէ, թէ նախագահ Թրամփը ի՛նչ կ՛ուզէ եւ ի՛նչ մտադրութիւն ունի, պէտք է նախ եւ առաջ գործադրենք Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթը` Թաէֆի համաձայնագիրը, անոր բոլոր յօդուածներով ու կէտերով, որոնց գլխաւորը բոլոր միլիսներու լուծարումն ու անոնց զէնքերու լիբանանեան պետութեան յանձնումն է:

«Պէտք է պետութեան վերատիրանանք եւ կառուցենք անոր սահմանադրական, վարչական, տնտեսական, զինուորական, ապահովական եւ ընկերային կառոյցները: Նախքան այդ մարտահրաւէրները դիմակայելը անոնց ցանկը երկար է, մանաւանդ որ իբրեւ լիբանանցիներ շրջանային կամ միջազգային որեւէ ուժի մօտ զինուորներ չենք, եւ իբրեւ գերիշխան պետութիւն, մեր որոշումները կը տրուին միայն մեկնելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերէն», ըսաւ երեսփոխանը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախարար Պայրագտարեան Այցելեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին Եւ Վերապատուելի Հայտոսթեանին

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.