Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնէյմնէ. «Բարեկարգչական Խումբը Բարեկարգչական Առաջին Ճակատամարտին Պարտուեցաւ»

March 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Իպրահիմ Մնէյմնէ յայտնեց. «Խոր պետութիւնը երդման ճառի եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի ծածկոյթին տակ ներթափանցեց կառավարութեան մէջ: Կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ բարեկարգչական առաջին ճակատամարտը. բարեկարգչական խումբը պարտուեցաւ,  յաղթանակ արձանագրեց դրամատուներու աւանդական ուժերուն հետ լոպին»:

«Այս ճակատամարտին պէտք եղածին պէս պատրաստութիւն չտեսնուեցաւ, եւ ասիկա դաս մըն է, որ պէտք է ընդունինք թափանցիկութեան եւ ինքնաքննադատութեան ճամբով: Սակայն կարեւորագոյնը քաղաքական կողմնացոյցը պէտք եղածին պէս վերստին ճշդելն է, որ այս աւանդական ուժերուն կողմէ արմատական որեւէ բարեփոխումին կամ անոնց հետ գործակցութեան վրայ յոյս չկապելն է, որովհետեւ յստակ է, թէ անոնք բուռն կերպով կը պայքարին իրենք զիրենք հաշուետուութենէ եւ ելեւմտական ու տնտեսական իրականութիւնները բացայայտելէ պաշտպանելու», նշեց Մնէյնմէ:

«Այս պարտութեան գինը միայն քաղաքական չէ. վախը այն է, որ անոր գինը երկիրը փրկելու վերջին առիթի կորուստը ըլլայ», ըսաւ երեսփոխանը:

«Խոր պետութեան ու անոր քաղաքական դաշինքներուն անձնատուութիւնը բացառուած է, սակայն դաս կը քաղենք անոր հետ դիմակայման գործելաոճը փոխելու համար, եւ ասիկա բոլորին պատասխանատուութիւն է, անոնց, որոնք պատասխանատու պաշտօնի վրայ են, բոլոր անոնց, որոնք լուսանցքայնացուած են, եւ անոնց, որոնց իրաւունքները խլուեցան, եւ տասնամեակներ շարունակ իրենց արժանապատուութիւնը մսխուեցաւ ի շահ երկիրը թալանած սակաւաթիւներու», յայտնեց Մնէյնմէ:

Նախորդը

«Սալամ Սուէյտի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Անոր Նշանակման Համաձայնութիւն Չյայտնեց, Եւ Անոր Դիրքորոշումը Հաստատ Է Ու Չէ Փոխուած» Կ՛ըսէ Վարչապետի Գրասենեակը

Յաջորդը

Նախարար Պայրագտարեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայր Խատրայի Եւ Սլամի Հետ

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.