Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Կը Կարծեմ, Որ Լիբանանը Այսօր Ճիշդ Ուղիի Վրայ Է, Մենք Լիբանանի Կողքին Պիտի Կանգնինք` Նոր Իշխանութեան Յաջողութիւնը Երաշխաւորելու Համար»

Մարտ 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Փարիզ, ուր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ընկերակցութեամբ առցանց ժողով մը գումարեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ, ապա երկու նախագահները Կիպրոսի նախագահին ու Յունաստանի վարչապետին կողքին մասնակցեցան լիբանանեան-ֆրանսական-յունական-կիպրական միացեալ բանակցութիւններու:

Նախագահ Աուն Մաքրոնի հետ ունեցաւ լիբանանեան եւ ֆրանսական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպում մը, որուն աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Մաքրոն զօրակցութիւն յայտնեց Պէյրութի բնակիչներուն, «որոնք ականատես դարձան զինադադարի համաձայնութեան խախտում եղող իսրայէլեան օդային յարձակումի»` աւելցնելով. «Ֆրանսան Լիբանանի կողքին կը կանգնի` ընդդէմ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն»:

«Լիբանանի մէջ իսրայէլեան յարձակումները արդարացնող գործունէութիւն չկար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը պիտի ունենամ Նեթանիահուի հետ»:

«Կը հաւատանք Լիբանանի նախագահին մշակած բարեկարգման օրակարգի կարեւորութեան», ըսաւ Մաքրոն` շեշտելով. «Կը կեդրոնանանք լիբանանեան հաստատութիւններու բարեկարգման վրայ, ուստի Լիբանանի վերաշինութեան աջակցութիւն պիտի տրամադրենք»` նշելով. «Լիբանանի բարեկամներուն հետ ժողով պիտի գումարենք բարեկարգումին ու վերաշինութեան աջակցութիւն տրամադրելու համար»:

«Լիբանանի մէջ դրամատնային մարզի բարեկարգումը վերաշինութեան սկսելու համար հիմնական հարց կը նկատենք», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

«ՊԷյրութի այսօրուան ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ Կապոյտ գիծի երկայնքին լարուածութիւնը անընդունելի են, եւ մենք Ուաշինկթընի եւ ՄԱԿ-ի հետ յանձնառու ենք զինադադարի համաձայնութեան աջակցելուն», շեշտեց Մաքրոն` աւելցնելով. «Լիբանանի կողքին պիտի կանգնինք անոր գերիշխանութեան հաստատման ու անվտանգութեան երաշխաւորման համար»:

«Նախագահ Աունի հետ անդրադարձայ Սուրիոյ հետ գործակցութեան, եւ ընդգծեցինք Լիբանանի ու Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծում կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկեցինք Լիբանան գտնուող սուրիացիներու իրենց երկիր կամաւոր վերադարձի խնդիրը», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

«Կը կարծեմ, որ Լիբանանը այսօր ճիշդ ուղիի վրայ է, եւ Լիբանանի կողքին պիտի կանգնինք նոր իշխանութեան յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար», նշեց Մաքրոն:

Նախագահ Աուն իր կարգին շեշտեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք մեր երկրին վրայ իսրայէլեան յարձակումներու վերսկսումը, եւ Լիբանանի վրայ որեւէ յարձակում եւ երկիրը բռնարարքի ոլորապտոյտին վերադարձնելու որեւէ կասկածելի փորձ կը մերժենք»: Ան աշխարհի վրայ Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն, Փարիզէն մինչեւ Ուաշինկթըն, կոչ ուղղեց «արագօրէն գործելու կացութեան վատթարացումը դադրեցնելու համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանին օգնելու մեր բոլոր սահմաններուն ու հողերուն վրայ միջազգային որոշումները գործադրելու»:

«Պիտի չարտօնենք լիբանանեան պատերազմի կրկնութիւնը, ուստի իբրեւ լիբանանցիներ, իբրեւ պետութիւն ու պատասխանատուներ որոշ պայմաններ կան, զորս պէտք է ամբողջացնենք, առաջինը` կառուցելն է հզօր ու գերիշխան պետութիւն մը, որուն կը պաշտպանեն անոր բանակն ու պետական ուժերը, ինչպէս նաեւ անոր զաւակներուն համախոհութիւնն ու միասնականութիւնը»:

«Լիբանանեան բանակը հետաքննութիւն կը կատարէ հրթիռարձակումին ետին կանգնողը բացայայտելու համար, եւ մեր նախկին փորձառութենէն մեկնելով կրնանք ըսել, որ այդ հրթիռները արձակողը Հըզպալլան չէ, եւ իսրայէլեան խախտումները կարելի չէ տեղի ունեցածին հետ բաղդատել», ընդգծեց նախագահը:

«Չենք ընդունիր, որ ոեւէ մէկը Լիբանանը իր շահերու իրագործման համար իբրեւ հարթակ օգտագործէ», յայտարարեց նախագահ Աուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Սահմանագծման Ռազմավարական Կարեւորութեան Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Յաջորդը

Իսրայէլ Լայնածաւալ Յարձակումներու Ծիրին Մէջ Նաեւ Յարձակում Գործեց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?