Երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ պարտութեան մատնեց Մարիսթի խումբը Շանվիլի դաշտին վրայ` 100-86 արդիւնքով:
9-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին սկիզբը Մարիսթ աւելի լաւ սկսաւ, եւ առաջին 5 վայրկեաններուն, երբ 7 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի վրայ, կը կարծուէր, թէ պարտութիւն մը եւս պիտի կրէին մեր տղաքը: Սակայն առաջին մասին իսկ ՀՄԸՄ ինքզինք վերագտաւ եւ 15-19 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. մասին ալ 4 կէտի առաւելութիւնը պահելով կիսախաղ մտան տղաքը 38-42 արդիւնքով: 3-րդ մասին լաւապէս զսպելով մրցակիցի յառաջխաղացքը, ՀՄԸՄ 57-74 արդիւնքով յառաջացաւ, եւ վերջին մասին մինչեւ 23 կէտի ալ հասցուց իր առաւելութիւնը` վերջին վայրկեաններուն հանդարտեցնելով խաղը, մինչ մրցակից խումբին վերջին ճիգերը այդքան ալ արդիւնաւէտ չէին: 86-100 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ երեքշաբթի օր ժամը 16:45-ին Մըզհերի մէջ պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Ռիատին, 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:


