Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Թուրքիոյ Ընդհանուր Հիւպատոսը Այցելած Է Հայաստանի Հիւպատոսարան

March 27, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոսութիւն այցելած է Հալէպի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոս Մուամմեր Հաքան Ճենքիզը եւ փոխհիւպատոս Էրինը: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանի դիմատետրեան էջը:

Ողջունելով հիւրերը` Հայաստանի հիւպատոս Արա Աւետիսեան շնորհաւորած է Ճենքիզը` նախ երկարաժամկէտ դադարէ ետք Թուրքիոյ հիւպատոսութեան վերաբացման, ապա այդ պաշտօնին իր նշանակման եւ Ռամատան ամսուան առիթով: Ան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը Հալէպի մէջ կը գործէ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր եւ իր հիմնադրման օրէն ի վեր երբեւէ չէ դադրեցուցած իր գործունէութիւնը, նոյնիսկ Հալէպի պաշարման եւ պատերազմի օրերուն:

Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնած է վերջերս Հայաստանի Հանրապետութենէն Սուրիա մարդասիրական օգնութեան տեղափոխման հարցին մէջ թրքական կողմի աջակցութեան եւ այդ երկրէն բեռնակառքերու շարասիւնի անարգել անցման համար:

Թուրքիոյ հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար նշած է, որ մեկնելով դիւանագիտական բարոյագիտութեան կանոններէն` իր պարտքը նկատած է այցելել Հալէպի մէջ գործող միակ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն եւ ծանօթանալ իր հայ գործընկերոջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոսը յաջողութիւն մաղթած է իր թուրք պաշտօնակիցին իր դժուարին առաքելութեան մէջ: Հանդիպումի աւարտին Ճենքիզ ջերմ շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ Աւետիսեանը հրաւիրած Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան բացման, ինչպէս նաեւ յարմարութեան պարագային այցելելու Թուրքիոյ հիւպատոսարանի ժամանակաւոր գրասենեակ: Հրաւէրը ընդունուած է: Կողմերը համաձայնած են շարունակել գործակցութիւնը:

Նախորդը

«Փրական Կը Վերահաստատէ Արդար Եւ Կայուն Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Իր Աջակցութիւնը» Կ՛ըսէ Չեխիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Մեկնարկի Մասին Օրինագիծը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.