Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Միշտ Պետութիւնը Իր Առաջին Ու Վերջին Ապաստանը Նկատող Իւրաքանչիւր Լիբանանցիի Կողքին Պիտի Կանգնինք»

March 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Միշտ պետութիւնը իր առաջին ու վերջին ապաստանը նկատող իւրաքանչիւր լիբանանցիի կողքին պիտի կանգնինք», յայտարարեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամ:

Սալամ Տար Այթամ Իսլամիայի իֆթարի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց. «Իսրայէլեան հեռացման ապահովումը առաջնահերթութիւն է, հարաւային Լիբանանի, Պեքայի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ վերաշինութեան աշխատանք սկսիլը առաջնահերթութիւն է, ելեկտրականութեան ապահովումը առաջնահերթութիւն է, վարչական բարեկարգումը առաջնահերթութիւն է, դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու տէրերուն նկատմամբ արդարութիւնը, դրամատուներու վերադասաւորումն ու վերաֆինանսաւորումը, ներդրողներու ներգրաւումը առաջնահերթութիւն է, աղքատ ընտանիքներու օգնութիւններու ծրագիրներու գործադրումը առաջնահերթութիւն է, թէեւ բացարձակ առաջնահերթութիւնը կը մնայ վերակառուցման աշխատանքը պետութեան, անոր վարչութիւններով ու հաստատութիւններով, եւ անոր իշխանութիւնը իր սեփական ուժերով լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելը, ինչպէս Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած է: Ինչ որ մեր քաղաքացիներուն ապահովութեան ու հանգստութեան զգացում պիտի տայ, կայունութիւնը պիտի ամրապնդէ եւ գործերու շրջանակը հանգստացնէ: Ասոնք բոլորն ալ մեր տնտեսութեան վերականգնման եւ մեր զաւակներուն աշխատանքի առիթ ապահովելու համար անհրաժեշտ պայմաններ են»:

«Հիւսիսային Լիբանանի մէջ կը պատրաստուինք տնտեսական շրջանի մեկնարկման եւ Քլէյաաթի օդակայանին գործարկման, ինչ որ շրջանի զաւակներուն հազարաւոր գործի առիթներ պիտի ստեղծէ: Հարաւային Լիբանանի մէջ շատերուն պատկերացուցածէն արագ պիտի վերակառուցենք քանդուած գիւղերը` մեր եղբայրներուն ու բարեկամներուն աջակցութեան եւ օժանդակութիւններուն ճամբով: Պեքայի մէջ Պաալպեք եւ Հերմել նահանգի մեր ժողովուրդին իւրայատուկ արդիւնաբերութիւն եւ նիւթական մեծ եկամուտ ապահովող ցանքերը պիտի քաջալերենք, որպէսզի անոնք բարօր կեանք ապրին, հեռու մնալով մտահոգութենէն ու վախէն, որոնց պատճառած աղէտներով կ՛ապրէին սերունդներ ամբողջ:

«Այս բոլորը չի նշանակեր, թէ պիտի անտեսենք լիբանանեան այլ շրջաններ, որոնք կարիքը ունին իրենց առօրեային մէջ պետութեան ներկայութեան, մասնաւորաբար սիրելի Պէյրութը, որ դժբախտաբար շատ կը տառապի ծառայութիւններու մակարդակի նուազումէն, ինչ որ չի վայելեր հայրենիքի մայրաքաղաքին, որուն արուարձաններուն մէջ կը բնակի Լիբանանի բնակչութեան կէսը», ըսաւ Սալամ:

«Արտօնեցէ՛ք, որ ձեզի ըսեմ, թէ կորսուած առիթներու ժամանակաշրջանները անցան, եւ պէտք է բոլորս գործակցինք օգտագործելու համար այս նոր իշխանութեան ճամբով ապահովուած փրկութեան առիթը, որպէսզի ըլլանք բարձրութեանը վրայ այն վստահութեան, որ երկրէն ներս լիբանանցիները եւ երկրէն դուրս եղբայրներն ու բարեկամները մեզի տուին, եւ որոնք մեզի աջակցութիւն եւ օգնութիւն պիտի չզլանան, եթէ մենք գիտնանք նախ եւ առաջ մենք մեզի օգնել», աւելցուց վարչապետը:

Նախորդը

Պերպոքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Իսրայէլ Հինգ Բլուրները Դատարկելու Համար Լիբանանի Ներկայացուցած Բոլոր Առաջարկները Մերժեց»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Անհրաժեշտ Է Ամրապնդել Հիւսիսարեւելեան Սահմանին Վրայ Զինադադարը Եւ Դադրեցնել Յարձակումները»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.