Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապը պէտք է աւարտի, բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայք Ուոլց:
Ան յայտնեց, որ անցնող շաբաթ Ազրպէյճանի մէջ խօսած է այդ երկրի նախագահի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ:
«Մենք գոհ ենք, որ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը դէպի յառաջ մեծ քայլ առած են եւ համաձայնած խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ: Ես անոնց ըսի, որ այժմ մենք պէտք է վերջնականացնենք այդ խաղաղութեան հոլովոյթը, ազատ արձակենք բանտարկեալները, եւ միասին աշխատինք շրջանը աւելի անվտանգ եւ բարգաւաճ դարձնելու ուղղութեամբ», գրած է Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն:
«Ամերիկայի ոսկեդարը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերէ աշխարհին, եւ մենք պիտի չդադրինք աշխատիլ, մինչեւ ատիկա տեղի ունենայ», աւելցուցած է Ուոլց:


