Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամէնէն Առաջ Պէտք Է Փոխել Գործածուած Թունաւոր Լեզուն» Կ՛Ըսէ Կիւլ

May 3, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապտիւլլա Կիւլ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ հրապարակագիր ու դասախօս Սետատ Լաչիներ, որ առիթը ունեցեր է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը Կէօքճէատա տանող նաւուն մէջ գտնուելու ու իմանալու նախագահին յայտարարութիւնները, կը գրէ, որ Կիւլի համաձայն, թուրքերուն ու հայերուն միջեւ բուն խնդիրն է գործածուած լեզուն փոխելը, տարբեր լեզուով եւ տարբեր ոճով խօսիլը: «Ո՛չ մէկը բան մը կը շահի, եթէ գործածէ լեզու մը, որ դիմացինին ցաւերն ու վէրքերը գրգռելէ ուրիշ գործի չի ծառայեր», ըսած է Կիւլ:

Լաչիներ դիտել կու տայ, որ այս տարի թրքական մամուլին մէջ շատ ալ լայն արձագանգ չգտան 24 ապրիլի հայկական ձեռնարկները: Թերեւս «Արաբական գարուն»-ն էր, որ պատճառ դարձաւ, թերեւս Թուրքիոյ օրակարգը այնքան խճողուած էր, որ հայերուն համար շատ տեղ չմնաց: Ամէն պարագայի, այս տարի թրքական մամուլին մէջ 24 ապրիլը աղմուկ չբարձրացուց, հակառակ անոր որ հայերը այս տարի շատ աւելի եռանդուն աշխատանք տարին: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի նախագահ մըն ալ մասնակցեցաւ հայկական ձեռնարկներուն:

Ամէնէն կարեւոր զարգացումը նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին մեկնաբանութիւնն էր` ըստ Լաչիների:

«Անշուշտ կարեւոր է այն հարցը, թէ ո՛վ իրաւացի է, ո՛վ անիրաւ, բայց ատկէ աւելի կարեւոր է փոխել այն լեզուն, որ կը գործածուի, եւ աւելի շատ աշխատիլ զիրար հասկնալու համար: Եթէ այս խնդիրին համար լուծում մը պիտի գտնուի, այդ լուծումը կարելի չէ որ իրականանայ, եթէ շարունակենք դէմ դիմաց զիրար նախատել, պոռալ իրարու հասցէին: Այսպէս եթէ ընենք, մենք մեզ պաշտպանելէ աւելի դիմացինին վէրքերը կը թարմացնենք: Մինչդեռ երկու կողմերն ալ պէտք ունին մխիթարութեան ու հասկացողութեան: Թուրքերը այլեւս պէտք է հասկնան, թէ ի՛նչ պատճառով ալ եղած ըլլայ, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր վտարուեցան իրենց դարաւոր հայրենիքէն, գրեթէ որբացան: Բայց նոյն կերպով հայերն ալ պէտք է վերջ տան այն կեցուածքին, ըստ որուն կարծես թէ միայն իրենք էին, որոնք տառապեցան ու տուժեցին: Հայերն ալ պէտք է տեսնեն, որ թուրքերը անցեալ դարաշրջանին ամէնէն շատ տառապած ժողովուրդներէն մէկն էին: Թուրքերը մնացած էին փլուզումի ենթարկուած կայսրութեան մը փլատակներուն տակ: Բանիմաց ոեւէ հայ չի կրնար ուրանալ, որ թուրքերն ալ շատ տառապեցան եւ այդ տառապանքին հեղինակները եղան խումբ մը հայ հրոսակախումբեր»:

Լաչիներ իր յօդուածին մէջ կը շարունակէ.

«Այսպէս, նախագահ Կիւլ դիտել տուաւ, որ ոչ մէկը բան մը կը շահի երկու կողմերու տառապանքը իրարու հետ մրցումի մէջ դնելով: Ինչ որ առաջին կարգի վրայ անհրաժեշտութիւն է, մէկզմէկու նկատմամբ յարգանք զգալն է: Հրանդ Տինք այս փիլիսոփայութիւնը կը քարոզէր, կ՛ուզէր, որ հայերը փրկուէին Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան թոյնէն: Ինչ մեղք, որ ան այս աշխարհէն մեկնեցաւ առանց հասկացողութիւն գտնելու: Յուսալի է, որ նախագահ Կիւլ գոնէ կը յաջողի կակուղցնել այն թունաւոր լեզուն, որ կը գործածուի երկու կողմերուն միջեւ»:

 

Նախորդը

Վրաստանի Մէջ Սփիւռքի Խորհրդարան Պիտի Ստեղծուի

Յաջորդը

Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Նուիրուած Գիտաժողով` Էրզրումի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.